ՍԼԱՔ
Արամ Հայկազը քիչ մը աւելի բարձրահասակ էր, մազերը` ամբողջովին սպիտակ… թէ՜ ինծի այդպէս կը թուի քառասուն տարիներ ետք… Ամէն պարագայի, 1970-ականներ թէ 2011 թուական, միեւնոյն ակնածանքով եւ հիացմունքով հանդիպեցայ սփիւռքահայ գրագէտ Գրիգոր Պլըտեանին, ինչպէս օրին հանդիպեցայ Արամ Հայկազին` մեր պզտիկ դպրոցի պզտիկ բակին մէջ` բոլոր դասընկերներուս եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեամբ: Հանդիպումը քանի մը վայրկեան էր , սակայն այդ քանի մը վայրկեանները բաւարար էին իմ փոքրիկ սիրտս լեցնելու հպարտութեամբ եւ մղելու զիս, որ հետաքրքրուիմ Արամ Հայկազի գործերով, եւ Արամ Հայկազի հանդէպ հետաքրքրութիւնս նաեւ տարածեմ այլ հայ գրագէտներու վրայ:
Գրիգոր Պլըտեան Լիբանան կ՛այցելէր` մակագրելու իր գիրքի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, ֆրանքֆոն գիրքերու 18-րդ ցուցահանդէսին: Գացի ցուցասրահ ճշդուած պահուն, նախանձով դիտեցի այլ տաղաւարի առջեւ շարք բռնած մարդոց խումբը, որոնք կը սպասէին իրենց հերթին մակագրել տալու համար իրենց գիրքերը: Սիրտս ցաւեցաւ նայելով ՄԵՐ տաղաւարին, հազիւ քանի մը հոգի, հասաւ կարգս, երկարեցի ձեռքս, սեղմեցի մեր գրագէտին ձեռքը, ըսի իրեն, որ պատիւ է ինծի համար սեղմել իր ձեռքը. իր բարի ժպիտով պատասխանեց պարոն Պլըտեան. քանի մը հարցում` եւ հեռացայ տաղաւարէն` աղօթելով մեր փոքրիկ դպրոցի անշուք պատասխանատուներուն, որոնք գիտէին վայրկեանը օգտագործել նոր սերունդին հայութեան , հայկականութեան, ազգին եւ ժողովուրդին մասին նոր շունչ մը փոխանցելու, եւ ակամայ մտածեցի, թէ արդեօք պարոն Պլըտեան քանի՞ հայկական դպրոցներու կողմէ հրաւիրուեցաւ, որպէսզի այցելէ եւ իր խօսքը փոխանցէ աշակերտներուն…
ԸՆԹԵՐՑՈՂ ՄԸ

