ԸՍՏ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԲՐԻՏԱՆԻԱ, ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՊԻՏԻ ՉԶՕՐԱԿՑԻՆ ՄԱԿ-ԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԻՄՈՒՄԻՆ
«Պի.Պի.Սի.» վկայակոչելով իր աղբիւրները կը հաղորդէ, որ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Քոլումպիա Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի անդամակցութեան դիմումին շուրջ քուէարկութեան ընթացքին ձեռնպահ պիտի մնան:
Այդ երկիրներուն ներկայացուցիչները իրենց այդ դիրքորոշումին մասին յայտնած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ պաշտօնական հանդիպումին ընթացքին: Աղբիւրները յայտնած են, որ Գերմանիա եւս հրաժարած է Պաղեստինի անդամակցութեան դիմումին զօրակցելէ, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ դէ՞մ պիտի քուէարկէ, թէ՞ ձեռնպահ պիտի մնայ:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներ յայտարարած էին, որ քուէարկութեան ժամանակ պիտի օգտուին վեթոյի իրենց իրաւունքէն, որպէսզի Պաղեստինը «ՄԱԿ-ի կազմին մէջ չընդունուի»:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, ընդհանուր առմամբ կը պաշտպանեն Պաղեստինի անկախութիւնը, սակայն կը կարծեն, որ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը պիտի վտանգէ Իսրայէլի հետ խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսումը:
Սեպտեմբերի վերջաւորութեան Պաղեստին ՄԱԿ-ի անդամակցութեան դիմում ներկայացուց: Դիմումի քննարկումը նախատեսուած է նոյեմբերի վերջաւորութեան:

