ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԵԱՆ ՔԼԱՆԸ ԱԼԻԵՒԸ ՇԱՆԹԱԺԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿԷ
Ազրպէյճանական «Ազատլըգ» օրաթերթը` վկայակոչելով ներիշխանական հաւաստի աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Նախիջեւանեան քլանը սկսած է շանթաժի ենթարկել Իլհամ Ալիեւը. մասնաւորաբար քլանի առաջին դէմքերը` Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւ եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Քեմալատին Հէյտարով կը փորձեն քաղաքական ասպարէզ բերել Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախկին նախագահ Ռասուլ Կուլիեւը: Նախիջեւանեան քլանի ներկայացուցիչներէն է նաեւ ներքին գործոց նախարար Ռամիլ Ուսուպով:
«Ատոր նպատակը բնաւ Իլհամ Ալիեւին այլընտրանք ստեղծելը չէ: Իրականութեան մէջ Նախիջեւանեան քլանը Իլհամ Ալիեւին փոխարինելու պարագային առաջնահերթութիւն պիտի տայ կա՛մ Մեհտիեւին, կա՛մ Հէյտարովին: Սակայն եթէ անոնց անունները սկսին շահարկուիլ նախագահի հաւանական թեկնածուներու ցուցակին մէջ, ապա վերջիններս լուրջ խնդիրներու առջեւ պիտի կանգնին: Ըստ էութեան, ճիշդ այդ պատճառով ալ անոնք սկսած են Ռասուլ Կուլիեւի միջոցով շանթաժի ենթարկել Իլհամ Ալիեւը», կը գրէ օրաթերթը:
Նշենք, որ նախապէս Նախիջեւանեան քլանը, ըստ էութեան, վերջնագիր ներկայացուցած էր Ալիեւին` պահանջելով, որ ան առաջադրէ իր թեկնածութիւնը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն: Մասնաւորաբար «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան գործադիր քարտուղար Ալի Ահմետով յայտարարած էր, որ կուսակցութենէն միայն Իլհամ Ալիեւը կրնայ առաջադրուիլ իբրեւ թեկնածու: Ան յայտնած էր, որ որովհետեւ նախագահ ընտրուելու վերաբերեալ ժամկէտային սահմանափակումները վերցուած են, ուստի ատիկա կարելիութիւն կու տայ գործող նախագահին դարձեալ առաջադրելու իր թեկնածութիւնը: Սակայն, երբ Իլհամ Ալիեւէն համապատասխան արձագանգ չէ ստացուած եւ անոր դիրքորոշումը չէ յստակացած, Նախիջեւանեան քլանը կը շարունակէ լրջօրէն մտահոգուիլ եւ կը փորձէ լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկել` դրդելով Իլհամ Ալիեւը նախագահի թեկնածուի պաշտօնին առաջադրուելու համար վերջնական որոշում կայացնել:


