ԸՍՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵԹԷ ՍՈՒՐԻԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՉՅԱՐԳԷ, ԱՆՈՐ ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԱՃԻ
Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ վարչակարգը զգուշացուց` յայտնելով, որ «եթէ տագնապէն դուրս գալու համար արաբական ծրագիրին մէջ նշուած իր յանձնառութիւնները չգործադրէ, միջազգային բեմին վրայ անոր մեկուսացումը պիտի աճի»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նոլընտ յայտնեց, որ «մենք ցուցանիշներ չտեսանք, թէ Ասատի վարչակարգը իր խոստումները յարգելու մտադրութիւն ունի»: Ան աւելցուց, որ «մեր գնահատականը պիտի տանք հիմնուելով արժեչափերուն վրայ: Որեւէ ցուցանիշ չունինք, թէ (սուրիական բանակը) ներկայ հանգրուանին որեւէ տեղէ կը քաշուի»:
Նոլընտ մերժեց այն վերլուծումները, թէ «արաբական նախաձեռնութիւնը սուրիական վարչակազմին ժամանակ շահելու առիթ կ՛ընծայէ»: Ան ըսաւ, որ «իրականութիւնը ատոր ճիշդ հակառակն է: Ինչպէս Միացեալ Նահանգներ կը յայտնեն` Ասատ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ»:
Նոլընտ աւելցուց, որ «եթէ (Ասատ) Արաբական լիկայի անդամ պետութիւններուն իր տուած խոստումները չյարգէ, ապա լիկան պիտի զգայ, որ խոստումնադրժութիւն տեղի ունեցաւ, ուստի պիտի ստիպուի ատոր հակադարձել»: «Միացեալ Նահանգներու տեսանկիւնէն` Ասատի վարչակազմին վրայ ճնշումները աճելէ չեն դադրիր», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց անոնց, որոնք զէնք կը կրեն` առանց սակայն ոճիր գործելու, այսօրուընէ սկսեալ անձնատուր ըլլալու: Նախարարութիւնը նշեց, որ յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին, «ան որ անձնատուր կ՛ըլլայ կամ զէնքերը կը յանձնէ, անմիջապէս ազատ պիտի արձակուի»:


