ԱՏՀԱՅԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՂՈՍԸՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս` իսլամ համայնքի հետեւորդները, անոնց փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները:
Այս առիթով Ղոսըն յոյս յայտնեց նաեւ, որ լիբանանցիներուն միջեւ կարելի ըլլայ զօրացնել ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ համերաշխութիւնը:
Ան մաղթեց, որ լիբանանցիները նեցուկ կանգնին իրենց պետութեան եւ բանակին, որ մնայուն զոհողութիւններ կը մատուցէ` պահպանելու համար Լիբանանն ու անոր ապահովական կայունութիւնը:
«Լիբանանեան բանակը, որ նախանձախնդիր է երկրին անվտանգութեան պահպանումին եւ գերիշխանութեան ամրապնդումին, կարիքը ունի իւրաքանչիւր լիբանանցիի անկեղծ զօրակցութեան, որովհետեւ բանակն է այն անառիկ բերդը, որ կը միացնէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ: Բանակն է, որ կառչած կը մնայ այն համոզումին, որ ինք ամբողջ երկրին կը պատկանի եւ ոչ թէ այս կամ այն խմբաւորումին, ինչպէս նաեւ իր պարտականութեան յանձնառու կը մնայ` իրականացնելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը», եզրափակեց Ղոսըն:

