ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց շրջանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը դրուատեց այս հանգրուանին Ժեմայէլի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը, յատկապէս` Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ մէջ անոր ունեցած հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները:

Ժեմայէլ դարձաւ Պքերքէի ճաշի հիւրը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին այցելեց Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան արաբական պատուիրակութիւնը, որ բարի գալուստ մաղթեց Ռայի պատրիարքին եւ անոր ներկայացուց երկխօսութեան յանձնախումբին կատարած աշխատանքները` Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:

Հանդիպումէն ետք արաբական պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ դատախազ Ապպաս Հալապի, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին փոխանցած են, թէ Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յատուկ յանձնախումբին գործադիր խորհուրդը պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի մշակէ իր եռամեայ ծրագիրը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES