ՄԻՔԱԹԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՆԱԵՒ ՌՈՒՍԻԱ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Միքաթի Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ ունենալիք իր հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութիւնը:
Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ Միքաթի եւ Քամերոն պիտի քննարկեն նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան վերաբերող համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական որոշ թղթածրարներ եւ շրջանային ու միջազգային իրադարձութիւններ:
Վարչապետին մօտիկ այս աղբիւրները շեշտեցին նաեւ, որ վարչապետ Միքաթի մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Ռուսիա` եւրոպական երկիրներ կատարելիք իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, վարչապետ Միքաթի լուռ բանակցութիւններ կը վարէ` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման առումով. անոնք աւելցուցին, որ ատեանին ֆինանսաւորման հարցին քննարկումը կրնայ սպասել մինչեւ յառաջիկայ փետրուարի վերջ:

