ՊԸՐՐԻ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ լիբանանցիները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով` աւելցնելով, որ այդ առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի:
Միւս կողմէ, «Տիար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց Ազգային երկխօսութեան նիստին վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով միաժամանակ, որ լիբանանցիները բոլոր հանգրուաններուն կարիքը ունին երկխօսութեան, «որ սակայն պէտք է կատարուի առանց նախապայմանի, որովհետեւ երբ մենք պայմաններ կը դնենք, այդ մէկը երկխօսութիւն ըլլալէ կը դադրի»:
Անդրադառնալով Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի հետ ունեցած իր հանդիպումին` Պըրրի նշեց, որ ինք Սինիորային առաջարկած է երկխօսութեան մասնակցիլ, սակայն անկէ վերջնական պատասխան չէ լսած այդ մասին` խոստանալով դաշնակից ուժերուն հետ խորհրդակցիլ:
«Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Պըրրի շեշտեց, որ ազգային երկխօսութեան հրաւիրելու իր ջանքերը այս հանգրուանին կը միտին շրջանային զարգացումներուն հետ քայլ պահել եւ հանրապետութեան նախագահին հետ մնայուն խորհրդակցութիւններու մէջ ըլլալ:
«Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ Պըրրի նշեց, որ ներքին լիբանանեան առումով եւս կարեւոր է ազգային երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին գաղտնիքներէն է լիբանանեան ազգային ամրապնդուած միասնականութիւնը:
Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ բերանացի պատգամներ յղած է հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին, որպէսզի ընտրական օրէնքին քննարկումը կառավարութեան կողմէ կատարուի առանձին նիստերու ընթացքին:
Այս ծիրին մէջ, Պըրրի գնահատեց կառավարութեան աշխատանքը` երեսփոխանական ընտրութիւններէն մէկուկէս տարի առաջ ընտրական օրէնքին քննարկման սկսելու առիթով:

