ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՀԱԺ ՀԱՍԱՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Հաժ Հասան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Գլխաւորաբար քննարկուեցան Լիբանանը հարուածող փոթորիկին ու տեղատարափ անձրեւին վերաբերող հարցեր եւ հունձքերու փճացման վտանգը կանխարգիլելու առումով նախարարութեան որդեգրած քայլերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ: Քննարկուեցան պետական դպրոցներուն մէջ ուսման մակարդակի բարձրացման նպատակով որդեգրուած ուսման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանի մասնաճիւղերուն մէջ տնօրէններու նշանակման հեռանկարները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Իպրահիմ Շամսէտտին եւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES