ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 12-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ԾՆՆԴԵԱՆ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ

Երէկ Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ծննդեան 60-ամեակին եւ գահակալութեան 12-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյ:

Երեկոն սկսաւ տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի պետական քայլերգի ունկնդրութեամբ: Յաւուր պատշաճի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

Հանդիսաւոր երեկոյին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES