ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ֆիշըր եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Վերակառուցման եւ զարգացման Եւրոպական դրամատան փոխնախագահ Եան Ֆիշըրը:

Նախագահը բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական դրամատան գործունէութիւնը, որ ուղղուած է երկրին տնտեսական աշխուժութեան ապահովման եւ կը նպաստէ անոր յառաջընթացին:

Նախագահը կարեւոր նկատեց վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան հետ համագործակցութեան խորացումը` յոյս յայտնելով, որ դրամատան փոխնախագահ Եան Ֆիշըրի այցելութիւնը նպաստէ նաեւ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման:

Հանդիպման սկիզբը Ֆիշըր նախ շնորհաւորեց Հայաստանի նախագահը Հայաստանի անկախութեան հռչակման 20-ամեակին առիթով: Ըստ անոր, ասիկա նաեւ Եւրոպական դրամատան հետ յաջող համագործակցութեան քսան տարին է: Ֆիշըր նշեց, որ այս քսան տարիներուն ընթացքին Դրամատունը աւելի քան 600 միլիոն եւրոյի ներդրում կատարած է Հայաստանի մէջ եւ ներգրաւուած է աւելի քան 100 ծրագիրներու մէջ: Ան շատ դրական գնահատեց Հայաստանի մէջ վերջին ժամանակաշրջանին իրականացուած բարեփոխումները, որոնք կը նպաստեն երկրի տնտեսական բարեփոխումներու յառաջխաղացման եւ գործարար միջավայրի բարելաւման:

Եան Ֆիշըր նշեց, որ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանած է Հայաստանի համար եռամեայ` 2012-2015 թուականներուն դրամատան ռազմավարութեան մշակման, համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները քննարկելու համար: Ան վերահաստատեց դրամատան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աշխուժ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ աջակցութիւնը բարեփոխումներուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր կարգին նախանցեալ օր ընդունեց Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան փոխնախագահ Եան Ֆիշըրը, որ Երեւան ժամանեց Հայաստանի համար նոր ռազմավարութեան մշակման գործին մէջ դրամատան գործունէութեան առաջնահերթութիւնները յստակացնելու նպատակով:

Ողջունելով հիւրը` արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ դրամատան միջեւ հաստատուած երկարամեայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Ան աւելցուց, որ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան դերը գնահատելի է Հայաստանի տնտեսական, ինչպէս նաեւ գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան փոխնախագահը նշեց, որ վերջին քսան տարուան ընթացքին դրամատան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուեցան շուրջ 100 ծրագիրներ` 600 միլիոն տոլարի ընդհանուր արժողութեամբ, դրամատնային համակարգի, փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան, երկրագործութեան մարզի եւ վերամշակուող արդիւնաբերութեան, վերականգնուող ուժանիւթի եւ ենթակառոյցներու մարզերուն մէջ: Ըստ Եան Ֆիշըրի, իրականացուած այդ ծրագիրները յատկանշուած են իրենց արդիւնաւէտութեամբ, եւ դրամատունը պիտի շարունակէ օժանդակութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատեցին Հայաստանի կառավարութեան եւ դրամատան համագործակցութեան հետեւողական իրագործման ապահովումը եւ այդ փոխադարձ գործակցութեան արդիւնաւէտութեան աւելի բարձրացման նպատակով քայլերու ձեռնարկումը:

Հիւրերուն խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի մօտեցումները շրջանային խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ:

 

Share this Article
CATEGORIES