50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 22 ՄԱՐՏ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ

Երէկ հրատարակեցինք Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղարութեան զեկոյցը, կրթանպաստ այս հաստատութեան տասնամեակին առթիւ:

Արդարեւ, տասը տարի անցած է այն օրէն, երբ քալիֆորնիաբնակ ազնիւ խումբ մը հայեր, վեր բարձրանալով առօրեայէն` աւելի հիմնական հարցերու վրայ սեւեռեցին իրենց աչքերը եւ մտածման ու մտահոգութեան առարկայ դարձուցին սփիւռքահայ կեանքի ամէնէն էական կալուածը, որ հայեցի կրթութիւնն է:

Հիմնարկութեան առաջնահերթ նպատակն էր հոգածութեան տակ առնել Պէյրութի Փալանճեան ճեմարանը, որուն տնօրէնը` հանգուցեալ գրագէտ Լեւոն Շանթ հանգանակութեան համար այդ օրերուն Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր:

Այս առաջնահերթ նպատակը, բաւական, շուտով ընդհանրացաւ եւ Կրթական հիմնարկութեան ծրագիրը մշակուեցաւ` հիմնական մտահոգութիւն ունենալով օգնութիւնը բոլոր հայ վարժարաններու, առանց դաւանական եւ քաղաքական պայմաններու:

Տասը տարի շարունակ, Կրթական հիմնարկութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին, անշեղօրէն հաւատարիմ մնաց այս ոգիին եւ առիթ ունեցաւ շատ մօտէն իրազեկ դառնալու գլխաւորաբար Մերձաւոր Արեւելքի հայկական վարժարաններու կարիքներուն եւ դժուարութիւններուն:

Ինչպէս քարտուղարութեան զեկոյցը կ՛ըսէ, մինչեւ հիմա Հայ կրթական հիմնարկութիւնը օգնած է Միջին Արեւելքի 63 հայ վարժարաններու` անոնց տրամադրելով 400,000 տոլար, այսինքն` մօտ 1,300,000 լ. ոսկիի պատկառելի գումար մը, տարին միջին հաշուով 130,000 լիբ. ոսկի:

Բացի այդ, հիմնարկութիւնը իր բոլոր օգնութիւնները կատարած է, 130,000,000 լ. ոսկիի գումարը հայկական վարժարաններու յատկացուած է` մղուած զուտ կրթական մտահոգութիւններէ: Քաղաքական եւ այլ տեսակի որեւէ նկատում ու հաշիւ չեն մտած անոր գործունէութեան մէջ: Օգնած է անխտրաբար բոլորին` առանց պայմաններ դնելու եւ բացի այդ վարժարաններու կրթական մակարդակի բարձրացումէն` տարբեր ակնկալութիւններ ունենալու: Միւս կողմէ, այդ օժանդակութիւնը կատարուած է միշտ Ազգային իշխանութեանց օրինաւոր ճամբով, անոնց միջոցաւ, առանց անոնց գլխուն վրայէն գործելու եւ ոտնձգութիւններ ընելու:

Կրթական հիմնարկութեան այս ուղիղ եւ օրինաւոր դիրքը բոլորովին հակառակն է դիրքին այլ կազմակերպութեան մը, որ իր անունին վրայ յաւակնութիւնն ունի «ընդհանուր» պիտակը դնելու, բայց որուն գործերը հեռու են ընդհանրական ըլլալէ ու շուկայիկ հատուածական հաշիւներու մեղքով ծանրացած են:

Կրթական հիմնարկութիւնը իր նպաստը կը հասցնէ` առանց փոխարէնը բան մը պահանջելու: Այդ օգնութեան արդար բաշխումը, տուեալ գաղութի մը մէջ, վստահելով Ազգ. իշխանութիւններու հայեցողութեան: Այս պարագային, որքա՜ն հեռու ենք ՀԲԸ Միութեան գոծելակերպէն, որ կ՛օգնէ ու նպաստ կու տայ այն վարժարաններուն, որոնք կ՛ենթարկուին իր ամենազօր կամքին եւ հատուածական մտահոգութիւններուն, այն վարժարաններուն, որոնց ուսուցչական կազմը կը վայելէ իր վստահութիւնը, երբ պէտք է վայելէր ազգային օրինաւոր իշխանութեանց եւ ազգին վստահութիւնը:

Այս բաղդատութիւնը` աւելի կարկառուն դարձնելու համար գործելու այն եղանակը, որ Կրթական հիմնարկութեանն է: Այսինքն` անաղմուկ աշխատանք եւ գիտակից նուիրում:

Տասը տարիներու ընթացքին Կրթական հիմնարկութիւնը հետզհետէ զարգացուց իր գործունէութիւնը եւ ընդլայնեց անոր դաշտը` բացի միջինարեւելեան երկիրներէն, նաեւ մշակութային գործ կատարելով Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Արդարեւ, ինչպէս ասկէ առաջ ալ անդրադարձած էինք, Կրթական հիմնարկութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս պիտի օժանդակէ ազգային կրթական գործին` դպրոցներ հաստատելով կամ աջակցելով ամերիկեան համալսարաններու մէջ հայերէնի դասընթացքներու հաստատման, ինչպէս ըրած է Պըրքլիի համալսարանին մէջ` քսան հազար տոլար տրամադրելով:

Կրթական հիմնարկութիւնը ներկայիս ունի 29 հիմնադիր անդամներ, որոնք ամէն տարի 500 տոլարի վճարումով մը կը նպաստեն անոր կրթական գործունէութեան: Ամերիկեան կարգ մը կեդրոններու մէջ կազմուած են մասնաւոր յանձնախումբեր, որոնք 25 տոլարով կարօտ սան մը կ՛արձանագրեն բարերարի մը անունով, Անթիլիասի դպրեվանքին համար:

Իր տասնամեակին առթիւ ջերմօրէն կ՛ողջունենք Կրթական հիմնարկութիւնը` մաղթելով, որ յառաջիկային հնարաւորութիւն ունենայ աւելի եւս ընդարձակելու իր գործունէութեան դաշտը եւ նոյն անխտրական ոգիով սատարէ կրթական գործին:

Share this Article
CATEGORIES