ԱՏԼԱՆՏԵԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ՅԱՏԱԿԸ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՏԵՍՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ՆՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐԸ…
2010-ի կէսերուն խումբ մը ովկիանոսագէտներ ու ծովային անասնագէտներ Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ իրենց կատարած հետազօտութեան մը ընթացքին գտած են տարօրինակ տեսք ունեցող նոր տեսակի ծովային անասուններ:
Մասնագէտները նշեալ անասունները յայտնաբերած են Ատլանտեան ովկիանոսին յատակը գտնուող ու անոր երկայնքին տարածուած բլուրներու շարքին շուրջ: Բլուրներու նշեալ շարքը Ատլանտեանին հիւսիսէն հարաւ երկարող յատակը կը բաժնէ երկուքի:
Այսուհանդերձ, մասնագէտները գտած են նոր տեսակի ծովամայրեր, որոնք սովորական տեսակի ծովամայրերէն տարբեր եղած են ո՛չ միայն իրենց տեսքով, այլ նաեւ` իրենց շարժումներով: Նշեալ տեսակի ծովամայրերը ովկիանոսին տարբեր խորութիւն ունեցող բաժիններուն մէջ ծփալու փոխարէն, ծփացած են` իրենք զիրենք միայն քանի մը սանթիմեթր բարձր պահելով ովկիանոսին յատակէն եւ անոնց մազանման շօշափուկները հպած են յատակին:
Ատլանտեանի յատակը գտնուող բլուրներուն բարձունքներուն վրայ յայտնուած են նաեւ «լեռնցի» կոչուած անասուններու ընտանիքին պատկանող նոր տեսակի անասուններ, որոնք լողացած են այդ բլուրներուն երկայնքին:
Նշեալ անասուններու ընտանիքին պատկանող ցարդ ծանօթ եղող անասունները սովորաբար յայտնուած են Ատլանտեանի յատակը եւ ո՛չ թէ` բլուրներուն բարձունքներուն: Անոնք դանդաղօրէն սողացող անասուններ եղած են, սակայն յատակը գտնուող այդ բլուրներուն բարձունքներուն վրայ յայտնուած նոր տեսակի «լեռնցիները» լողացողներ եղած են: Նշեալ անասուններուն մօտ լողալը կարեւոր յատկութիւն մըն է` նկատի ունենալով, որ անոնք կրնան խրիլ այդ բլուրներուն ժայռերուն մէջ յառաջացած ճեղքերուն մէջ եւ այնտեղ մնալով` սովամահ դառնալ, երբ չկարենան լողալ:
Մասնագէտները Ատլանտեանի յատակը գտնուող բլուրներուն երկայնքին գտած են նաեւ «ապրող բրածոներ» կոչուած անասուններու ընտանիքին պատկանող երեք տեսակի անասուններ: Նշեալ անասունները կը պատկանին խումբին ա՛յն անասուններուն, որոնք կրնան եղափոխական կապ մը ներկայացնել ողնայարաւոր ու անողնայար անասուններուն միջեւ:
Նախապէս մասնագէտներ «ապրող բրածոներու» ընտանիքին պատկանող անասուններու տեսակներ գտած են Խաղաղական ովկիանոսին մէջ: Սակայն Ատլանտեանի բլուրներուն երկայնքին յայտնուած «ապրող բրածոները» իրենց տեսքով տարբեր եղած են Խաղաղականի մէջ յայտնաբերուած այս անասուններէն:
Ատլանտեանի մէջ կատարուած հետազօտութենէն յայտնաբերուած նոր տեսակի անասուններու շարքին են ծովային «վարունգները», որոնք կ՛ապրին գլխաւորաբար Իսլանտայի ու Ազորես կղզիներուն միջեւ տարածուող Ատլանտեանին յատակը երկարող բլուրներուն վրայ: Նշեալ անասուններու ընտանիքին պատկանող անասուններ նախապէս յայտնուած են Ատլանտեանի յատակը, եւ անոնք խխունջներուն նման դանդաղաշարժ եղած են: Սակայն նոր տեսակի ծովային «վարունգները» տարօրինակ կերպով արագաշարժ եղած են:
Բրիտանացի մասնագէտ Մոնթի Փրիէտի համաձայն, նոր տեսակի ծովային «վարունգներուն» ունեցած ուշագրաւ արագաշարժութիւնը կը նպաստէ, որպէսզի անոնք կարենան դիւրութեամբ շարժիլ այդ ժայռոտ բլուրներուն վրայ, ինչպէս նաեւ` կարենան անցնիլ ժայռերուն ճեղքերուն մէջէն:
Մասնագէտները գտած են նաեւ ծովաստղի նոր տեսակ մը, որ սովորական ծովաստղերուն մարմնին կերտուածքէն շատ աւելի բարդ կերտուածք ունեցած է: Այսուհանդերձ, նոր տեսակ ծովաստղերը ունեցած են իրարու մէջ անցած այնպիսի՛ թեւեր, որոնք գործածած են` թէ՛ տեղէ տեղ փոխադրուելու եւ թէ՛ իրենց շուրջ գտնուող որսերը ծուղակը ձգելու համար:
Նշեալ ծովաստղերը գլխաւորաբար կը սնանին` ծովային մարախներ ու ծփակենսիկներ որսալով:
Տարօրինակ տեսք ունեցող նոր տեսակի այլ անասուն մըն է նաեւ կապոյտ որդը, որ յատկանշուած է ցցուն մազմզուքներ ունեցող ոտքերով: Նշեալ անասունը իր ոտքերը շարունակ ովկիանոսին յատակը քսելով կը քալէ եւ ոտքերուն վրայ եղող ցցուն մազմզուքներով կը հաւաքէ յատակը հաւաքուած փոքր մնացորդներ, որոնք յառաջացած են տարբեր անասուններէ ու բոյսերէ:
Մասնագէտները զարմացած են` մեծ թիւով կապոյտ որդեր գտնելով Ատլանտեանի յատակը:
Նշեալ որդերը յատկանշուած են նաեւ իրենց մարմինը ծածկող կարծր ու ցցուն մազմզուքներով, որոնք կը փայլին` մութ կապոյտ լոյս արձակելով:
Մասնագէտներուն համար ցարդ յստակ չէ կապոյտ որդերուն մօտ յայտնուած նշեալ երեւոյթին պատճառը` նկատի ունենալով, որ անոնք կ՛ապրին ամբողջութեամբ մութ միջավայրի մը մէջ, որ կը գտնուի ջուրին մակերեսէն աւելի քան երեք հազար վեց հարիւր մեթր խորութեան մէջ:
Ատլանտեանի խորերէն յայտնաբերուած այլ անասուն մըն է նաեւ վարդագոյն որդը: Մասնագէտ Փրիէտի համաձայն, անասունի նշեալ տեսակը կրնայ ողնայար ունեցող անասուններու հսկայ ընտանիքին նախատիպարներէն մէկը եղած ըլլալ:
Մասնագէտները գտած են նշեալ որդերուն ընտանիքին պատկանող երեք նոր տեսակի որդեր, որոնք ունեցած են վարդագոյն, ճերմակ ու ծիրանագոյն մարմիններ, ինչպէս նաեւ` իրարմէ որոշ տարբերութիւն ունեցող մարմնի ձեւեր:
Մասնագէտները հետամուտ են ուսումնասիրելու նշեալ անասուններուն ծինային կերտուածքները, որպէսզի կարենան ապացուցել, որ այդ անասունները անողնայար ու ողնայարաւոր անասուններուն միջեւ յառաջացած գլխաւոր եղափոխական օղակները կը կազմեն:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւր՝
«ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿԱՐՖԻՔ»