ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ԳԵՏՆԱՌԻՒԾԻ ՆՄԱՆՈՂ ՈՒԹՆՈՏՆՆԵՐԸ

Վերջերս ամերիկացի ու եւրոպացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ Խաղաղական ովկիանոսին հսկայ ութնոտններուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ այս վերջինները իրենց չափով աւելի մեծ ու աւելի երկարակեաց եղած են, քան` ծովային այլ միջավայրերու մէջ ապրող տարբեր տեսակի ութնոտնները:

Այսպէս, օրինակ, մասնագէտները Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտած են աւելի քան երկու հարիւր եօթանասուն երկու քիլոկրամ ծանրութիւն ունեցող ութնոտն մը, որուն մէկ ոտքէն մինչեւ հանդիպակաց ոտքին երկարութիւնը եղած է 9.1 մեթր:

Նշեալ ովկիանոսին մէջ ապրող ութնոտններուն միջին ծանրութիւնը եղած է յիսուն քիլոկրամ, իսկ անոնց մէկ ոտքէն հանդիպակաց ոտքին միջեւ եղած միջին երկարութիւնը հինգ մեթր:

Նշեալ ութնոտնները կ՛ապրին մօտաւորապէս չորս տարի: Այսուհանդերձ, թէ էգ եւ թէ՛ արու ութնոտնները կը սատկին բազմանալէ ետք: Էգ ութնոտնները համեմատաբար աւելի երկար կ՛ապրին եւ յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերեն իրենց հաւկիթներուն: Անոնք քանի մը ամիս շարունակ թուխսի կը նստին, սակայն, մինչ այդ, ոչինչ կ՛ուտեն նշեալ հանգրուանին եւ ատեն մը ետք կը սատկին:

ՇԱՆԱՁՈՒԿ ՈՐՍԱՑՈ՞Ղ…

Մասնագէտները նկատած են, թէ Խաղաղական ովկիանոսին ութնոտնները ունին կոճղիզաւոր գլուխներ, որոնք ընդհանրապէս մութ կարմիր եղած են: Անոնք ութնոտններու ընտանիքին պատկանող կարգ մը այլ տեսակի ութնոտններուն նման իրենց մորթին մէջ կը կրկեն գոյն պարունակող յատուկ բջիջներ, որոնք այնպիսի՛ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկեն իրենց գոյնն ու տեսքը, որ անոնք կրնան միաձուլուիլ նոյնիսկ ամէնէն բարդ տեսակի բուստերուն, բոյսերուն ու ժայռերուն հետ:

Նշեալ ութնոտնները իրենց ուտելիքը կ՛որսան գիշերը եւ կը սնանին գլխաւորաբար ծովային մարախներով ու ծովախեցիներով, ինչպէս նաեւ` խեցգետիններով ու ձուկերով: Անոնք ծանօթ են նաեւ շանաձուկի ու թռչուններ որսալու յատուկ կարողութեամբ: Այսուհանդերձ, անոնք կը գործածեն իրենց սուր ու կտուցի նմանող բերանները` որսին միսը ծակծկելու ու ապա բզքտելու համար:

Մասնագէտները նշած են, թէ գետնառիւծի նման իրենց մարմնին գոյնը փոխող հսկայ ութնոտնները տարածուած են գլխաւորաբար Խաղաղական ովկիանոսին հարաւային Քալիֆորնիայէն դէպի Ալասքա տարածուող բարեխառն ջուրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` դէպի Ճափոն տարածուող անոր արեւմտեան բաժիններուն մէջ:

Թէեւ կարելի չէ եղած յստակացնել անոնց թիւը, սակայն ցարդ անոնք չեն դասուած անհետացման վտանգին հակամէտ եղող անասուններուն շարքին: Միւս կողմէ, սակայն, ծովային միջավայրը ուշագրաւ կերպով ապականող տարբեր ազդակներու ստեղծած պայմանները անխուսափելիօրէն ազդած են նաեւ ութնոտններուն վրայ` կարգ մը բաժիններու մէջ նոյնիսկ սպառնալով անոնց գոյութեան:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւր`
«ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ»)

 

Share this Article
CATEGORIES
TAGS