ՊԱՆԱՆԻՆ ԿԵՂԵՒԸ ԿՐՆԱՅ ՋՈՒՐԵՐԷՆ ԶՏԵԼ ԱՆՈՆՑ ԽԱՌՆՈՒԱԾ ԾԱՆՐ ՈՒ ԹՈՒՆԱՒՈՐ ՄԵՏԱՂՆԵՐ

Մարտի սկիզբը պրազիլցի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ պանանին կեղեւը կրնայ գետերու ու ծովերուն ջուրերէն զտել զանոնք ապականող ծանր ու թունաւոր մետաղները:

Այսուհանդերձ, երկրագործութեան եւ կամ արդիւնաբերութեան մարզին մէջ արտադրուած մեծ տարողութեամբ նիւթեր, որոնց կարգին նաեւ կարգ մը մետաղներ, ինչպէս` կապարն ու պղինձը, կը խառնուին ծովերուն ու գետերուն ջուրերուն: Երբ նշեալ ջուրերը կ՛ոռոգեն տարբեր դաշտավայրեր, արօտավայրեր ու այգիներ, ապա անոնք կ՛ապականեն զանոնք ու անոնց մէջ աճող բոյսերը, բանջարեղէններն ու պտուղները եւ, այդպիսով, կը սպառնան այս վերջիններով սնանող մարդոց ու անասուններուն առողջութեան:

Ջուրերու որակին պահպանութեամբ զբաղող ճարտարագէտներ յաճախ գործածած են գայլախազ (սիլիքա), խորշանիւթ (սելիւլոզ) ու ալիւմինիոմի թթուիտ` ջուրերէն անջատելու համար ծանր մետաղները: Սակայն նշեալ նիւթերը տեղ մը ծախսալից եղած են, ինչպէս նաեւ անոնք եւս իրենց կարգին ունեցած են որոշ թունաւոր ազդեցութիւն:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ նշեալ նիւթերը կը պարունակեն այնպիսի՛ թթուներ, որոնք կարողութիւնը ունին մետաղները իրենց շուրջ հաւաքելու եւ, այդպիսով, ջուրերը մաքրելու:

Միւս կողմէ, սակայն, վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները գտած են, թէ պանանին կեղեւը կրնայ կատարել վերոնշեալ նիւթերուն պարտականութիւնը` առանց որեւէ թունաւոր ազդեցութիւն ունենալու մարդոց վրայ:

ՄԵՏԱՂՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԻԿՆԵՐԸ ԱՄՐՕՐԷՆ ԿԱՌՉԱԾ` ՊԱՆԱՆԻՆ ԿԵՂԵՒՆԵՐՈՒՆ

Նշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող պրազիլցի մասնագէտ Կուսթաւօ Քասթրօ ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը չորցուցած են պանանին կեղեւները եւ մանրած են զանոնք: Ապա անոնք նախապէս չափուած ու տարբեր տարողութիւններով մետաղներ պարունակող ջուրերու նմուշներուն մէջ աւելցուցած են պանանին մանրուած կեղեւները: Այսուհանդերձ, ատեն մը ետք ջուրերու նմուշներուն վրայ կատարուած տարրալուծարանային քննութիւնները ցոյց տուած են, թէ անոնք ամբողջութեամբ մաքրուած են այդ մետաղներէն` նոյնիսկ համեմատաբար մեծ տարողութեամբ մետաղ պարունակող ջուրերու նմուշները: Նշեալ մետաղներուն մասնիկները ամրօրէն կառչած մնացած են պանանին մանրուած կեղեւներուն:

Նախապէս կատարուած այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ խնձորին ու շաքարեղէգին անգործածելի մասերը, ինչպէս նաեւ հնդընկոյզին բնաթելերն ու գետնապիստակին կեղեւները եւս կարողութիւնը ունին ջուրերուն խառնուած կարգ մը թոյներ զտելու:

Մասնագէտ Քասթրօ չէ յանձնարարած պանանին կեղեւը գործածել ըմպելի ջուրերը զտելու` նկատի ունենալով, որ անոնք կը պարունակեն շատ չնչին տարողութեամբ մետաղներ, որոնք վնասակար չեն մարդկային մարմնին:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւր՝
«ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿԱՐՖԻՔ»

Share this Article
CATEGORIES
TAGS