ՆԱՄԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻ ԱՐՄԵՆԱԿԷՆ` ԼԻՄՈՒԶԻՆԻ ՄԱՍԻՆ
Սիրելի՛ Մակարուհի եւ Մակար,
Հրեշտակներու քաղաքը` փետրուարին:
Գիշերուան ցուրտը կը մոռնանք ցերեկին փայլող եւ ջերմացնող արեւին հետ:
Այս որքա՜ն ծանօթ դէմքեր եւ անուններ կան:
Յոգնութիւն կամ տնտեսական տագնապ, այս անգամ ոչ ոք մեզ Լաս Վեկաս հրաւիրեց եւ խնայեցինք աղմուկի եւ իրարանցումի տաղտուկը:
Ամէնուրեք ծախու տուներ կան: Ցուցանակը կը հրաւիրէ այցելութեան: Տարածուն առանձնատուներ, ծառեր եւ բակ: Կ’ըսեն` նախկինին բաղդատած` մէկ երրորդ արժէքով:
Մեծ վաճառատուները չեն շնչեր նախկին հրմշտուքով: Միայն ներքնայարկի բազմազգեան ճաշարանները խճողուած են: Առանձին անձեր, ընտանիքներ եւ խումբեր, բրգացած ափսէները շալկած, սեղան եւ աթոռ կը փնտռեն:
Զարմիկիս կինը ինքնիրեն տուած է տնտեսական լրագրողի դեր, ինչե՜ր գիտէ: Գիները կը բաղդատէ` մէկ քաղաքէ միւսը, մէկ նահանգէ միւսը: Ամերիկա նոր հասնողներ հեռու կ’երթան, անապատէն տուն կը գնեն: Ասոնք պատրաստ գումար ունին:
Կեդրոնականցի ընկեր մը իմացեր է, որ այցի եկած էինք: Հեռաձայնեց եւ դեռ չմոռցուած ազնիւ սովորութեամբ, ընթրիքի հրաւիրեց: Զարմիկս ըսաւ, որ շատ գեղեցիկ բնակարան մը ունի, պահակներով պաշտպանուած, բաւական հեռու, գեղատեսիլ բլուրի մը վրայ, խնամուած այգիով, լողաւազանով, բացօթեայ ժաքուզիով:
Կեդրոնականցի ընկերս հրաւէրը հաստատեց, ճշդեց օրը եւ ժամը, ըսաւ, որ ինք ինքնաշարժ կը ղրկէր: Քալիֆորնիա հեռաւորութիւնները մղոններով կը չափուին, հեռուն եւ մօտը նոյն երկարութիւնը չունին` այլ տեղերու բաղդատած: Արդէն փետրուարի օրը կ’իրիկնանար, երբ բակը խաղցող զարմիկիս տղաքը ըսին, որ ինքնաշարժը եկաւ:
Էլպիսը եւ ես նուէրի համար գիրքեր շալկած` դուրս եկանք, յուսալով, որ նման անպէտք դարձած նուէր դեռ գնահատող կ’ըլլայ:
Չէք կրնար երեւակայել մեր զարմացումը, թէեւ այդ բառը բաւարար չէ արտայայտելու համար այն, ինչ որ զգացինք: Դրան առջեւ կանգնած էր հանրակառքի չափ երկար ինքնաշարժ մը: Տեսած էի: Կ’ըսէին, թէ հարսանիքը ճոխ չէր ըլլար առանց անոր: Լիմուզին… Կը թուէր, թէ չորս ինքնաշարժներ իրարու զօդած էին: Իրարու նայեցանք: Վարորդը դուռը բացաւ: Տեղաւորուեցանք: Կառքին ետեւէն հազիւ կ’երեւէր վարորդին գլուխը:
Պիտի չուզէի, ըսի Էլպիսին, որ ծանօթ մը մեզ տեսնէր այս անտեղի եւ ցուցամոլիկ վիճակին մէջ: Փուշի վրայ նստածի պէս էինք, ինչպէս կ’ըսեն: Ինքնաշարժը կը թաւալէր: Արդէն երեկոյ էր: Մեծ պանդոկի մը սպասարկման համար խմիչքներու շիշերը կը թրթռային պճլտացող լոյսերուն հետ: Երկար գահաւորակ մը կար, որուն վրայ կրնային տեղ գրաւել վեց կամ եօթը անձեր: Եթէ գեղուհի մը ընկերանար փեթրոտոլարներով պարարտ քսակ ունեցողի մը, ինչե՜ր կրնային պատահիլ այդ գահաւորակին վրայ… Հարսանիքի պէս բան մը:
Աւելի քան յիսուն մղոնը կտրել անցնելու համար ժամանակ պէտք է…
Երբ կառքէն կ’իջնէինք, Էլպիս, անժպիտ, ըսաւ.
– Այս պակաս էր, ա՛յս ալ տեսանք:
Գիշերը, փառաւոր ընթրիքէ մը ետք, նոյն ճամբով եւ նոյն լիմուզինով, աստղազարդ սրահով ինքնաշարժին մէջ, դիտելով թրթռացող ալքոլի շիշերը, յիսուն մղոնը կտրեցինք քնաթաթախ աչքերով: Բայց լիմուզինի մէջ բազմած անկրկնելի փորձի ժամանակ ինչպէ՞ս կարելի էր քնանալ:
Նամակս կարդացի Էլպիսին: Համաձայն չէր, որ ղրկեմ: Բայց ինչպէ՞ս ձեզի հետ չկիսէի էմիրական փորձառութիւնս:
Հրեշտակային համբոյրներ`
ԱՐՄԵՆԱԿ
15 փետրուար 2011, Կլէնտորա
ՄԱԿԱՐ, Ի ԳԱՂԻԱ
22 փետրուար 2011