ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ԽԱՉԻՆ ԼԵԶՈՒՆ ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆ Է ԱՆՈՆՑ ՀԱՄԱՐ, ՈՐ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻՆ,…»
Սիրելի՛ ընթերցող, մեր Եկեղեցին երէկ կատարեց «Գիւտի Սրբոյ Խաչի» տօնը, որ պատմական դէպքի մը յիշատակումն է:
Երուսաղէմ, 326-ին, Ս. Հեղինէ, Մեծն Կոստանդիանոսի (275-337) մայրը, գտնել տուաւ Գողգոթայի վրայ խաչեալ Աստուածամարդուն խաչափայտը, զոր զետեղեց «Ս. Յարութիւն» իր կառուցած տաճարին մէջ:
Զետեղումէն առաջ, սակայն, հարկ էր իմանալ գտնուած երեք խաչափայտերէն այն մէկը, որուն վրայ խաչուեցաւ Յիսուս Քրիստոս:
Պատմագրին համաձայն, նոր մեռած պատանիի մը մարմինը դպցուցին երեք խաչափայտերուն: Անոնց վերջինին լուռ հպումին` վախճանեալը վերակենդանացաւ կայսերամօր ներկայութեան: Գտնուած էր խաչափայտը, խաչը:
Պրպտողը եւ գտնողն եղաւ Յուդա անունով հրեայ պատմագէտն ու հնախօսը, որ գիւտէն եւ հրաշքէն շանթահարեալ` ընդունեցաւ քրիստոնէութիւնը: Ապագային դարձաւ Ս. Քաղաքին նշանաւոր Ս. Կիւրեղ պատրիարքը, որուն օրով լուսաճաճանչ խաչը 351-ին տեսնուեցաւ երկնակամարին վրայ:
Մեր Եկեղեցին, որ ամէն տարի հոկտեմբերի վերջը կը տօնէ հրաշագործ «Խաչգիւտ»-ը, խաչասէր ու խաչակրող հայ ժողովուրդին հետ, իր զաւակներուն կը փոխանցէ վառ եւ տոկուն հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան ու խաչին հանդէպ:
Փոխանցումը կը կատարուի աստուածաշնչական իմաստասիրութենէն եւ սուրբգրային տուեալներու հայթայթումով, որոնց իւրացումն ու մեկնաբանութիւնը կազմեցին բովանդակութիւնն եւ ուսուցումը հայ Ս. հայրերու ներբողներուն եւ մեր մատենագիրներու ճառերուն:
Մեր նախնիները դաւանեցան եւ մենք կը դաւանինք «Քրիստոսի խաչը», որովհետեւ` «Խաչին լեզուն յիմարութիւնն է անոնց համար, որ կը կորսուին, բայց անոնց համար, որ կը փրկուին, խաչը Աստուծոյ զօրութիւնն է» (1 Կոր. 1,18):
Աստուածամարդը յիմարեցուց աշխարհը իր խաչին իմաստութեամբ, որ փրկութիւնն է ընդունողներուն եւ հաւատացողներուն համար:
Այսպէս, Յիսուսի խաչելութեամբ եւ Քրիստոսի խաչին մէջ կ՛իմաստաւորուին մեր առօրեային նեղութիւններն ու տառապանքները, որոնց քրիստոնէական հաւաքանունն է «խաչ» բառը, որուն մեր համոզուած իմացութեամբ եւ համակերպեալ ապրումով` մեզ «Աստուած ընտրեց աշխարհի յիմարները` խոնարհեցնելու համար իմաստունները, եւ ընտրեց տկարները` խոնարհեցնելու համար հզօրները» (1 Կոր. 1,27):
«Tuto nika – In hoc signo vinces – Այս նշանով պիտի յաղթես»:
Այս խոստմնալից նախադասութիւնը կարդաց Մեծն Կոստանդիանոս, երբ քրիստոնեաներու հալածիչ ու բռնակալ Մաքսենտիոս կայսեր դէմ 312-ին կը պատրաստուէր վճռական ճակամարտին, Հռոմի առջեւ: Նախօրեակին երկինքի վրայ տեսաւ լուսափայլ խաչը, որուն հրաշազան նախատեսութիւնը «ի վերուստ» գրուած էր.«Tuto nika – In hoc signo vinces – Այս նշանով պիտի յաղթես»: Գիտցաւ, որ շատ աւելի մեծ բանակին պիտի յաղթէր:
Այս դրուագին ծանօթ ու մանաւանդ Աստուածաշունչին վարդապետութեան քաջահմուտ մեր Ս. հայրերը քարոզեցին, եւ մենք` «կը քարոզենք Քրիստոսը` Աստուծոյ Զօրութիւնը եւ Աստուծոյ Իմաստութիւնը» (1 Կոր. 1,24):
«Աստուծոյ Զօրութիւնը» եւ «Աստուծոյ Իմաստութիւնը» իրաւացիօրէն հռչակեալ Աստուածամարդը ընտրեց խաչը մեր հոգեմտաւոր ազատագրումին համար, զոր մարդերու փրկութեան իբրեւ միջոցը մերժելով` մարդկային իմաստութիւնը յիմարացաւ:
Ինչպէս անցեալին` «ո՛չ հրեայ օրէնսգէտները, ո՛չ ալ հելլեն փիլիսոփաները հասկցան Քրիստոսի խաչին ու մահուան խորհուրդը», նոյնպէս ներկային մէջ` «իմաստուն»-ներու եւ «բանգէտ»-ներու աշխարհը «քանի որ … իմաստութեամբ չճանչցաւ Աստուած, Աստուծոյ իմաստութեան մէջ, ասոր համար Աստուած հաճեցաւ քարոզութեան յիմարութեամբ փրկել հաւատացեալները:
Իսկ որովհետեւ հրեաները նշան կը խնդրեն եւ հեթանոսները իմաստութիւն կը փնտռեն, մենք կը քարոզենք խաչուած Քրիստոսը, հրեաներուն համար` գայթակղութիւն, իսկ հեթանոսներուն համար` յիմարութիւն» (1 Կոր. 1,21-23):
Մերօրեայ ժամանակին մէջ ալ դեռ կան նո՜ր հրեաներ ու նո՜ր հեթանոսներ, որոնց գայթակղութեան եւ յիմարութեան դիմաց` մեզմէ Յիսուս կը պահանջէ միայն հաւատքը իր փրկարար խաչելութեան ու յաղթական խաչին հանդէպ, եւ այն` մեր ամենօրեայ ընթացքով դէպի անմահական Կեանքը Աստուծոյ արքայութեան մէջ, զոր «Աստուած պատրաստեց Զինք սիրողներուն» (1 Կոր. 2,9):
Մեր Եկեղեցին, որուն կը ձայնէ հայ Շարակնոցը, թէ` «Ուրախ լե՛ր, Սուրբ Եկեղեցի, քանզի Քրիստոս, Արքայն երկնից, այսօր պսակեաց զքեզ խաչիւն իւրով եւ զարդարեաց զամուրս քո սքանչելի փառօք իւրովք», տօնելով «Խաչգիւտ»-ը` կը յիշեցնէ մեզի եւ արար աշխարհին. «Դուք Աստուծմով հիմա Քրիստոս Յիսուսի մէջ էք, որ մեզի համար եղաւ Աստուծմէ տրուած Իմաստութիւնը, Արդարութիւնը, Սրբութիւնը, Փրկութիւնը» (1 Կոր. 1,30):
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 24 Հոկտեմբեր 2011

