ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ԱՆԿՆՈՒՆՔ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ
27 հոկտեմբեր 2011-ին, ուսումնական-կրթական տարեմուտին, «Թռչնոց բոյն»ը եւս բացաւ իր դռները` շարունակելու համար իր աւելի քան ութսունամեայ ծառայութիւնը որբ հայ երեխաներուն եւ նուազ բախտաւոր հայ մանուկներուն տուն ու ապաստան դառնալով:
Միջավայրին նոր ընտելացած եւ հարազատ տան խնամքին ջերմութիւնը հազիւ զգացած, նորեկ եօթ անկնունք մանուկներու հաւաքական մկրտութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2011-ին, «Թռչնոց բոյն»ի «Ս. Գայեանէ» մատրան մէջ, ձեռամբ հաստատութեան հոգեւոր տեսուչ` Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան, խնամակալութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Յակոբ Կարապետեան, մկրտուողներու ծնողներ կամ պարագաներ, հաստատութեան պաշտօնէութիւնը, ինչպէս նաեւ` աշակերտութիւնը:
Եկեղեցական արարողութեան եւ ապա վարժարանին կողմէ կազմակերպուած խրախճանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գայեանեան քոյրերու միաբանութեան անդամներ` քոյր Քնար Գայփաքեան եւ քոյր Գայեանէ Պատագեան, ինչպէս նաեւ` Յարութիւն Զօրեան:
Արարողութենէն անմիջապէս առաջ, ներկայ հաւատացեալներուն եւ աշակերտութեան ուղղելով իր խօսքը, Գրիգոր ծ. վարդապետ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ մկրտութեան ու դրոշմի խորհուրդներուն` իբրեւ գլխաւորները մեր եկեղեցւոյ հաստատած եօթը խորհուրդներուն եւ քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն:
2-7 տարեկան մանուկներ, որոնք այս տարի մուտք գործած էին «Թռչնոց բոյն», պարագաներու բերմամբ մնացած էին անկնունք: Ուստի խորհուրդին պատշաճ սպիտակաթոյր զգեստներով անոնք ներկայացան Ս. աւազան` վերստին ծնելու համար իբրեւ հաւատաւոր քրիստոնեաներ:
Խաչանիշ օրհնուելէ ետք ջուրը, սրբալոյս միւռոնի հեղումով սրբագործուեցաւ եւ ապա հերթաբար անոր մէջ մկրտուեցան եօթը երեխաները, որոնք անուանուեցան Գէորգ, Մարկոս, Պետրոս, Ռուբէն, Սարգիս, Սահակ եւ Սանահին: Վեց մանչ եւ մէկ աղջիկ: Ուրախալի էր այն երեւոյթը, որ «Հայր մեր»ի ինչպէս նաեւ այլ ծանօթ շարականներու երգեցողութիւնը աշակերտութիւնը կատարեց մեծ խանդավառութեամբ, իսկ հաւատոյ խոստովանութեան պահուն, երբ կնքահայրը փոխան երախային պիտի պատասխանէ կնքող հոգեւորականի երիցս կրկնուող հարցումին, աշակերտներ խմբովին պատասխանեցին, իրենց բարձրաձայն վկայութիւնը բերելով նորակնունքներու մկրտութեան ու քրիստոնէացման:
Խորհուրդի կատարումէն ետք, ներկաները միասնաբար խրախճանքի պահ ունեցան սեղանատան մէջ, ուր ամէնէն փոքրիկ նորակնունքը` Գէորգ, հատեց յատկապէս պատրաստուած կարկանդակը` բոլորին խանդավառ ծափողջոյններէն աւելի քաջալերուած:
Հոգեւոր կարիքներու մատակարարումը, ինչպէս նաեւ կրօնական կրթութիւնը, ֆիզիքական սնունդին ու հագուստ-կապուստին հետ, «Թռչնոց բոյն»ի մանուկներուն տրուող հազուագիւտ դաստիարակութիւն է, որ վստահաբար իր կնիքը պիտի թողու, ազգի գուրգուրանքին յանձնուած հայ մանուկներու հոգիին մէջ:

