ՖՐԱՆՍԱ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՏԵՆԴԻ ՍԿԻԶԲ
Ֆրանս-թրքական յարաբերութիւնները տենդի նոր նոպա մը կ՛ապրին, եւ 2001 թուականէն ի վեր, ինչպէս միշտ, պատճառը Հայոց ցեղասպանութիւնն է, որ երկու երկիրները տագնապահար կ՛ընէ: Թուրքիոյ մէջ քաղաքական գործիչներն ու մեկնաբանները միաձայն քննադատեցին «պատմութեան դասերը», որ Թուրքիոյ տուաւ Նիքոլա Սարքոզի, հոկտեմբերին, Երեւանէն, 40 քմ թրքական սահմանէն հեռաւորութենէն: Թուրքիա պէտք է ուղղակի «նայի իր պատմութեան երեսին», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը եւ աւելցուց, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան ամբողջական պարտութեան մէջ, երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ 1915-1916 թուականներուն իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս յայտարարութիւնը կանխամտածուած էր:
«Ես ապահովութեան օղակը քաշուած ձեռնառումբ մը պիտի նետեմ», ըսած էր Սարքոզի օդանաւին մէջ: Բայց ոչ մէկ հաւանականութիւն, հնարաւորութիւն կայ, որ ատոր հետեւի դրական ազդեցութիւնը Անգարայի, որ իւրաքանչիւր «դասէ», հրամանէ քիչ մը աւելի կը հրահրուի: Ամէն պարագայի, ուզուած, փնտռուած նպատակը ատիկա չէր: Այդ խօսքերը նախատեսուած էին Ֆրանսայի հայ հանրութեան: Սարքոզի պահանջած էր, որ ճանաչումը, Թուրքիոյ կողմէ, տեղի ունենայ կարճ ժամկէտերու մէջ, մէկ խօսքով` նախագահական ընտրութեան քարոզարշաւի ժամանակ: «Եթէ Թուրքիա ատիկա չընէ, ապա հաւանաբար անհրաժեշտ կ՛ըլլայ աւելի հեռու երթալ», ըսած էր Ֆրանսայի նախագահը` ակնարկելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին, զոր ընդունած էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովը, եւ որ 2005 թուականէն, ի վեր թաղուած էր ծերակոյտին կողմէ:
Նիքոլա Սարքոզի այսօր կը մօտենայ ընկերվարականներու նախագիծին, որով կը քրէականացուի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ժխտումը:
2007 թուականի ապրիլին, իր ընտրութեան նախօրէին, Սարքոզի խոստացած էր հասնիլ անոր, որպէսզի «Ֆրանսայի մէջ ի վերջոյ պայքարին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման որեւէ դրսեւորման դէմ»:
Սակայն ամիս մը ետք Էլիզէի պալատի խորհրդական Ժան Տաւիտ Լեւիթ, որ առաքուեցաւ Անգարա, հանգստացուցած էր թրքական իշխանութիւնները. «Պրն. Սարքոզի կ՛երաշխաւորէ, որ օրինագիծը կը մահանայ ծերակոյտին մէջ», ըսած էր ան` ըստ «Ուիքիլիքս»ի մէջ 2010-ին հրապարակուած ամերիկեան դիւանագիտական հեռագիրի մը: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները ատիկա դաւաճանութիւն նկատեցին: Այդ իսկ պատճառով շուրջ 450 հազար հաշուող համայնքին մէջ նախընտրական նոր խոստումները շատ մեծ զգուշաւորութեամբ կ՛ընդունուին:
1915-ի Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքը ընդունուած է 2001-ին: Զարմանալի չէ, որ նախագահական ընտրութեան ընկերվարական թեկնածուն այժմ կ՛աջակցի ծրագիրին, որ պատիժ կը սահմանէ, տուգանքի կ՛ենթարկէ մարդկութեան դէմ իրականացուած այս ոճիրը ժխտողները` Կէյսոյի օրէնքի երկարաձգուող տրամաբանութեամբ:
Այդ ժամանակէն ի վեր Հոլանտ, որ 2007 թուականին Հայաստան այցելած է, շատ մօտ է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, հայկական ազգայնական կուսակցութիւն մը (անդամ` Ընկերվարական միջազգայնականի), որ կը կազմակերպէ հայկական սփիւռքը, ինչպէս նաեւ քաղաքական դաշտին մէջ յարձակողական լոպիիստական գործունէութիւն կ՛իրականացնէ իր Դատը հետապնդելու համար: «Մենք անոր հետ բացառիկ սերտ քաղաքական յարաբերութիւններ ունինք», ըսաւ Եւրոպայի մէջ ՀՅԴ-ի ղեկավար Մուրատ Փափազեան, որ ի նպաստ Հոլանտի քուէարկելու կոչ ըրած էր Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուի ընտրութեան ատեն:
Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ «Հայկական հարցը» կը մխրճուի ֆրանսական ընտրարշաւին մէջ: Փաստօրէն ձեռնառումբին օղակը, ապահովիչը անջատուած էր 1998-ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ, յետաձգումովը «1915-ի ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծի մը»: 2001 թուականին ատոր վաւերացումը հակաֆրանսական պոյքոթի յանգեցուց Թուրքիոյ մէջ: Ցեղասպանութեան ճանաչման ժամանակ օրէնսդրական մարտեր տեղի կ՛ունենային ե՛ւ Ազգային ժողովին, ե՛ւ ծերակոյտին մէջ, ընտրուած Մարսէյէն, Ռոնի հովիտին մէջ, կամ Փարիզի հարաւային արուարձաններէն, ուր բոլոր շրջաններու մէջ, կը բնակի հայ համայնքին մեծամասնութիւնը: Նկատելի էին նաեւ նախընտրական շարժառիթները:
Այդ պահէն, քանի դեռ թեման խորհրդարանի օրակարգին մէջն է, շարք մը պատմաբաններ, որոնց կարգին` «Ազատութիւն` պատմութեան համար» շարժումը ղեկավարող Փիեռ Նորան, արտայայտուած, խօսած են ընդդէմ «յուշային օրէնքներու», որոնք, ըստ անոնց, կրնան արգելք հանդիսանալ որեւէ պատմական քննարկումի:
«Կարելի չէ օրէնքներով կամ պատժամիջոցներով Թուրքիան ստիպել, որպէսզի փոխուի», ըսաւ Հիւպերթ Վետրին:
Օրինագիծի պաշտպանները այս կարծիքին կը հակադրեն բարոյագիտական դիրքորոշումը. Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, ինչպէս ատիկա եղած է Ողջակիզումի պարագային:
Իրականութեան մէջ նուիրապետութիւն մը հաստատուած է 20-րդ դարու տարբեր ցեղասպանութիւններու միջեւ: Սակայն օրէնքի առջեւ հաւասարութեան սկզբունքէն մեկնելով` Ֆրանսայի հայազգի քաղաքացիները իրաւական պաշտպանութիւն կը պահանջեն: Բայց ակնյայտ է, որ այդ դատողութիւնները պէտք է զերծ ըլլան որեւէ նախընտրական պատեհապաշտութենէ, այլապէս կը կորսնցնեն համոզչութիւնը, արժանահաւատութիւնը:
Ատոնք անշուշտ պէտք է հեռու ըլլան Անգարայէն կամ հայկական սփիւռքը կառավարող քաղաքական խումբերէ եկող որեւէ ճնշումէ եւ չօգտագործուին իբրեւ պատժամիջոց Թուրքիոյ դէմ:
Ատոնց պէտք է ընկերանայ ըմբռնման այն յատուկ դրական ներուժը, որ կը նկատուի թրքական հասարակութեան մէջ, ուր «ցեղասպանութիւն» բառը այլեւս բացարձակ թապու չի նկատուիր:
ԿԻՅՈՄ ՓԵՐԻԷ
«Լը Մոնտ»

