ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍԸ ԱՊՐԵՑԱՒ «ՃԱԿԱՏԱԳՐԻ ԿԱՏԱԿՆԵՐ»Ը

Վարդան Պետրոսեան

Լիբանանի մէջ նստած ճամբորդութիւններ կը կատարես դէպի Հայաստան, Ֆրանսա, ապա կրկին Հայաստան` ուղեւորութիւնդ աւարտելու համար Պատմական Հայաստանի մէջ. այս բոլորը իսկապէս կարելի կ՛ըլլան եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կ՛ընթանան, երբ «օդաչուն» հայրենի վաստակաւոր մենակատար, բազմատաղանդ դերասան Վարդան Պետրոսեանն է:

Արդարեւ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շաբաթ, 5 եւ կիրակի, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30¬ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդան Պետրոսեանի «Ճակատագրի կատակներ» ներկայացումը, որուն ճամբով աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ լիբանանահայ հանդիսատեսը վայելեց տաղանդաւոր մենակատարին կեանքի տարբեր հանգրուաններու իւրայատուկ դէպքերն ու պահերը, յատկապէս անոնք, որոնք ճակատագրական եղած են անոր համար: Ներկայացումը ընթացք կ՛առնէ Հայաստանէն` դերասանին մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներէն, ապա դէպքերը կը փոխադրուին Ֆրանսա, ուր Վ. Պետրոսեան կը մեկնի իր տաղանդը ֆրանսական բեմերէն հրամցնելու եւ իր յաջողութիւններով հայութեան անունը եւս բարձրացնելու այդտեղ: Ճակատագրական է այն, որ իւրաքանչիւր յատկանշական եւ բացառիկ յաջողութիւն իր ամբողջական լրումին չի հասնիր, որովհետեւ Վարդան Պետրոսեան կը լսէ Հայաստանէն հնչող ձայները, որոնք զինք կը հրաւիրեն հայաստանեան բեմերը եւս զարդարելու: Այդ դրուագներուն ընդմէջէն Վարդան Պետրոսեան մեծ վարպետութեամբ կրցաւ մարմնաւորել անոնց ժամանակաշրջանի մթնոլորտը, վայրերուն պատկերները ուրուագծեց հանդիսատեսին դիմաց` հայրենի հողէն դուրս ապրող եւ պայքարող հայուն դիմագրաւած դժուարութիւններով ապրեցնելով նաեւ հանդիսատեսը:

Բեմը առանձինն լեցուցած, իր ճկուն ու խօսուն շարժումներով հանդիսատեսին ուշադրութիւնը ամբողջովին գրաւած Վարդան Պետրոսեան իր դերասանական հմտութեամբ կրցաւ մեծ վարպետութեամբ մարմնաւորել զանազան կերպարներ ու անձնաւորութիւններ: Յատկանշական էր, որ մենակատարը տարբեր առիթներով Ազնաւուրի երգերը, երբեմն անոնց հայերէն թարգմանութիւնը հնչեցուց բեմէն` յուշելով, որ այդ երգերը յաճախ եղած են իր ապաւէնները, յաճախ ինք տարբեր առիթներով նման եղած է Ազնաւուրի երգերուն հերոսներուն:

«Ճակատագրի կատակներ»ով Վարդան Պետրոսեան իր լաւ ու վատ օրերը բաժնեց հանդիսատեսին հետ, ամենայն անկեղծութեամբ բացաւ իր անձնական կեանքի դռները` լիբանանահայութիւնը հրաւիրելով անոնցմէ անդին, որպէսզի իրեն հետ ապրին, զգան, տագնապին, ուրախանան ու տխրին` միշտ ու միշտ ժպիտն ու ծիծաղը անպակաս պահելով անոնց դէմքերէն: Վաստակաւոր մենակատարը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք տէրն է այն ուրոյն կարողութեան, որուն ընդմէջէն ան կրնայ հանդիսատեսը մասնակից դարձնել իր մենաներկայացումներով եւ զուարճալի մթնոլորտ ստեղծել սրահին մէջ:

Յատկանշական էր «Ճակատագրի կատակներ»ուն աւարտը, երբ Վ. Պետրոսեան կը պատմէ իր երազին մասին` Մուշ երթալու եւ իր ընտանիքին պապենական տունը վերակառուցելու, այդ պատգամն ու կտակը իր կարգին փոխանցելով իր որդիին:

«Ճակատագրի կատակներ»ը ներկայացումէն ետք սրահէն մեկնող իւրաքանչիւր հանդիսատես Վարդան Պետրոսեանէն փոխանցուած պատգամ մը, դէպք մը, կատակ մը, զուարճախօսութիւն մը կամ պատկեր մը տարաւ իրեն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES