ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ¬ՀԱՒԱՔ` ՀՄԸՄ¬Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ

Կանգնած` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, նստած` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները
ՀՄԸՄ¬ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ կիրակի, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 9:00¬ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք¬ընդունելութիւն մը, որուն հիւրերն էին ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, որոնք աշխարհի չորս ծագերէն Լիբանան եկած են իրենց լիագումար նիստը գումարելու նպատակով:
Սրահին մուտքին ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները ընդունուեցան ՀՄԸՄ¬ի Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէի երէց-պարմանուհիներուն կողմէ:
Լիբանանի եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Հայկ Թապաքեան, որ ողջունեց ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն ներկայութիւնը` յոյս յայտնելով, որ նման հանդիպումներ ապագային եւս կրկնուին եւ յարատեւեն:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտէն, Պէյրութէն, Ժունիէէն անդամներ հանդէս եկան երգով, պարով եւ արտասանութեամբ: Անոնք իրենց անկեղծ, անմիջական եւ մատչելի ներկայացումներով գրաւեցին ներկաներուն ուշադրութիւնը եւ արժանացան անոնց բուռն ծափահարութեան:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, որ դիտել տուաւ, թէ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն Լիբանան գտնուելու առիթով որոշած են մտերմիկ այդ երեկոն կազմակերպել: Ապա ան նշեց, թէ նկատի ունենալով, որ մարզական խաղերու տարեվերջ է, յարմար նկատած են պարգեւատրել ՀՄԸՄ¬ական այն ախոյեանութիւնները, որոնք 2011¬ի ընթացքին տիրացած են տարբեր ախոյեանութիւններու եւ բարձր պահած միութեան անունը: Այս առիթով ան յատուկ կերպով խօսեցաւ Դուին Մումջողլեանի մասին, որ շուրջ 15 օր առաջ Յորդանանի մէջ խլեց Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեանութիւնը` ձեռք ձգելով իրաւունքը մասնակցելու 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն, որոնց ընթացքին ան պիտի ներկայացնէ Լիբանանը: Ան ապա անդրադարձաւ տարբեր մարզաձեւերու մէջ ՀՄԸՄ¬ական մարզիկներուն արձանագրած յաջողութիւններուն` հաստատելով, որ անոնք հպարտութեամբ կը լեցնեն հայութեան սրտերը:
Իր խօսքը աւարտելով` Յ. Քէշիշեան հաստատեց, որ Շրջանային վարչութիւնն ու իր հովանիին տակ գործող յանձնախումբերը ժրաջան կերպով եւ մեծ հոգածութեամբ կը հսկեն բոլոր մարզական խումբերուն` միշտ առաջնահերթութիւն տալով մանուկներուն եւ պատանիներուն, որոնք ապագան կը մարմնաւորեն:
Իր խօսքէն ետք Յակոբ Քէշիշեան պատուոյ գիրեր յանձնեց 2011-ին ախոյեանութիւններ խլած մարզիկներուն. ճատրակի մարզաձեւին մէջ տարիքային տարբեր ախոյեանութիւններու տիրացած են Նարօտ Գըլպոզեան, Կարէն Խալոյեան, Մարինա Գարակիւլէեան եւ Քնարիկ Մուրատեան, որ նաեւ Ասիոյ ցամաքամասի ախոյեանութեան տիրացած է: Փինկ Փոնկի Լիբանանի աղջկանց խմբային ախոյեան հանդիսացած են Լարա Քեչեպաշեան, Նոել Քէշիշեան եւ Դուին Մումջողլեան, որոնք նաեւ խլած են տարբեր տարիքային անհատական ախոյեանութիւններ. 21 տարեկանէն վար Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած է Աւօ Մումջողլեան, որ նաեւ այլ ախոյեանութիւններ խլած է: Ճատրակի մարզին մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունենալուն համար պարգեւատրուեցաւ նաեւ Րաֆֆի Մումջողլեան:
Աւարտին խօսք առաւ ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ դիտել տուաւ, թէ ժողովական մթնոլորտէն դուրս գալով` Կեդրոնական վարչութեան անդամները լիցքաւորուեցան այս ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրով, ինչպէս նաեւ տեսնելով Լիբանանի ՀՄԸՄ¬ի ընտանիքին արձանագրած յաջողութիւնները:
Ապա ան նշեց, որ ՀՄԸՄ¬ի 10-րդ պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած Կեդրոնական վարչութեան անդամները որոշած են իրենց լիագումարը կատարել Լիբանանի մէջ` նկատի ունենալով լիբանանահայութեան ունեցած ուրոյն եւ հիմնական դերակատարութիւնը սփիւռքահայ կեանքին մէջ, ուր անիկա կը ներկայանայ իբրեւ ողնասիւն: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ առիթը ստեղծուեցաւ ՀՄԸՄ¬ի Լիբանանի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ այս հանդիպումը ունենալու եւ ծանօթացման կարելիութիւնը վայելելու:
Աւարտին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաներուն ծանօթացուց ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները:
Հանդիսաւոր բաժինէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

