ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՐԱԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻ ՄԻՆՉԵՒ ԺՈՒՆԻԷ
«Օժերօ»ի խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ համացանցի արագ դրութեան ծառայութիւնը, որ սկսած էր մատուցուիլ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, այս շաբթուան ընթացքին պիտի տարածուի նաեւ այլ շրջաններու մէջ:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ այդ ծառայութիւնը մինչեւ յառաջիկայ ուրբաթ պիտի հասնի մինչեւ Համրա, Մինա Հոսըն, Պիր Հասան, Պատարօ, Ռասել Նապաա, Ռիատ Սոլհ, Ժտէյտէ, Անթիլիաս եւ Ժունիէ:
«Օժերօ» յայտնեց նաեւ, որ Ատհայի տօնին առիթով տրուած արձակուրդին ընթացքին, իր յատուկ անձնակազմերը աշխատած են լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ եւ համապատասխան սարքեր տեղադրած, որպէսզի կարելի ըլլայ համապատասխան ենթակառոյցը ստեղծել` համացանցի արագ դրութեան տարածման:
Այս առումով, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ համացանցի արագ դրութեան ծառայութիւնը երէկ արդէն իսկ ներառեց Լիբանանի 70 առ հարիւրը: Ան աւելցուց, որ մինչեւ ընթացիկ ամսուան վերջը այդ ծառայութիւնը պիտի հասնի հարիւր առ հարիւրի:

