«ՄԵՆՔ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱԽԵՐ ՈՒՆԻՆՔ» ՇԵՇՏԵՑ ԱԼԵՆ ԺԻՒՓԷ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Փարիզ լուրջ մտահոգութիւններ ունի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն անվտանգութեան գծով, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ յարձակելու նախընթացը ստեղծուած է:

Ժիւփէ յայտնեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները լիբանանեան պետութենէն խնդրած են պաշտպանել ՖԻՆԻՒԼ-ի շրջուն ջոկատները. ան աւելցուց նաեւ, որ այս իմաստով Փարիզ կը միտի խորհրդակցութիւններ ունենալ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ` իմանալու համար նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ տիրող յարաբերութեան բնոյթը:

Միւս կողմէ, Ժիւփէ շեշտեց, որ Ֆրանսայի մաղթանքն է, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը իր առաքելութիւնը աւարտէ: Ան աւելցուց, որ այս իմաստով Ֆրանսա տեղեակ պահած է նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ համաձայն գտնուած է Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին, «հակառակ այն իրողութեան, որ վարչապետը այս իմաստով Հըզպալլայի եւ քաղաքական այլ ուժերու կողմէ ընդդիմութեան դէմ յանդիման կը գտնուի», ըսաւ Ժիւփէ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ Լիբանանի կողմէ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումին մերժումը վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES