ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ՀԱՐԻՐԻ ԻՆՉ ՈՐ ՈՒԶԷ ԿՐՆԱՅ ԸՍԵԼ, ՍԱԿԱՅՆ ԽՕՍՔԸ ԱՌԱՆՑ ԳՈՐԾԻ ԱՆԱՐԺԷՔ Է»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի գումարած ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին կատարած յայտարարութիւններուն, յայտնեց, որ Հարիրի ինչ որ ուզէ կրնայ ըսել, սակայն խօսքը առանց գործի անարժէք է:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց սերտելու աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը` աւելցնելով, որ այդ օրինագիծին քննարկումը կարելի կը դառնայ, երբ ան հասնի խորհրդարան:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը խստիւ դատապարտեց Դիմադրութիւնը ապազինելու մտայնութիւնը` կոչ ուղղելով զինելու եւ հզօրացնելու լիբանանեան բանակը, ապա խօսելու Դիմադրութեան զինաթափումին մասին: Ան հարց տուաւ, որ Լիբանանի անձնական ուժը ինչի՞ մէջ կը կայանայ:
Ակնարկելով Միջազգային դատական ատեանին` զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք խոստացած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, որ ինք այդ ատեանին զօրակցութեան նպատակով մեծամասնութիւն մը կ՛ապահովէ, պայմանաւ որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա այդ ատեանին հիմնումին սահմանադրականութիւնը ապահովէ: Այս մասին խօսելով` զօր. Աուն ընդգծեց, որ ինք ո՛չ Միացեալ Նահանգներու եւ ո՛չ ալ այլ պետութեան ստրուկն է:
Ակնարկելով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ Սուրիոյ դէպքերը հասած են իրենց աւարտին եւ աւելցուց, որ այդ մասին ինք յառաջիկայ երեքշաբթի պիտի պատասխանէ, եթէ միջադէպերը շարունակեն արձանագրուիլ:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց ելեկտրոնային տեղեկատուութեան նոր մշակուած օրինագիծը:
Հանդիպումէն ետք Տաուք յայտնեց, որ «այս ժամանակաշրջանին ելեկտրոնային տեղեկատուութեան կարեւորութեան գիտակցելով` մեր նպատակն է այդ տեղեկատուութեան մակարդակը բարելաւել»:
Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանը:



