ՊԸՐՐԻ – ՀԱՐԻՐԻ ԲԱՆԱՎԷՃ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր յատուկ էջին վրայ տեղադրուած հարցազրոյցի մը շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ ինք այս հանգրուանին կը գտնուի Ռիատի մէջ` աւելցնելով, որ ինք Լիբանան պիտի վերադառնայ միայն երբ յարմար կը գտնէ իր վերադարձը:
Հարցազրոյցին ընթացքին Հարիրի ընդգծեց, որ եթէ Լիբանանի յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն քաղաքական իր հոսանքը յաղթանակ արձանագրէ, ապա ինք հաստատ ի նպաստ Նեպիհ Պըրրիի պիտի չքուէարկէ` խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին համար: «Ասիկա խոստում է», աւելցուց Հարիրի:
Հարիրի անձնական հարցումի մը պատասխանելով նկատել տուաւ նաեւ, որ իր նախասիրութիւններէն մէկն է սուզուիլը:
Պատասխանելով Հարիրիի կատարած յայտարարութիւններուն` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ լիբանանցիները վերջերս բացայայտած են, թէ Հարիրի ունի նաեւ այլ նախասիրութիւն մը, որ քաղաքականութիւնն է: «Մենք կը մաղթէինք, որ ան սուզուելու իր նախասիրութեան մէջ խորասուզուէր եւ ոչ թէ քաղաքականութեան մէջ:
Հարիրի պատասխանելով Պըրրիին շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահը համակրելի է, սակայն ըստ երեւոյթին ան իմ յայտարարութիւններէս գոհ չէ մնացած: «Ես Պըրրիին սուզուիլ պիտի սորվեցնեմ», աւելցուց Հարիրի:
Հարիրի շեշտեց, որ ինք համոզուած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին առաքելութեամբ` ընդգծելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի միջազգային այդ ատեանը պիտի չֆինանսաւորէ:

