ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱՄԵՐՈՆԻ ՀԵՏ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ անցեալ շաբաթավերջին մեկնած էր Լոնտոն, նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս` նաեւ միջազգային բանաձեւերուն, ինչպէս թիւ 1701 բանաձեւին նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութիւնը:
Ան մաղթեց, որ Մեծն Բրիտանիա օժանդակէ լիբանանեան բանակին` անոր տրամադրելով բաւարար զօրակցութիւն: Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այդ հարցը պիտի քննարկուի կառավարութեան նիստին ընթացքին` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այդ իմաստով յարմար որոշում մը պիտի տայ:
Պատասխանելով Լիբանանի վրայ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ունենալիք ազդեցութեան հաւանականութեան վերաբերող հարցումի մը` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ պէտք է այդ գրաւէն հեռանալ եւ Լիբանանը զանց առնել Սուրիոյ զարգացումներէն:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի ամբողջական արդարութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ միջազգային համապատասխան բանաձեւերուն գործադրութեան:
Վարչապետ Միքաթի աւելցուց, որ Քամերոնի հետ իր հանդիպումին ընթացքին խնդրած է լիբանանեան բանակը զինել, օժանդակել Լիբանանին` ծովային սահմաններու ճշդման առումով, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան վերջ տայ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւններուն:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ մեկուսացնել Լիբանանը` նշելով, որ ինք լաւապէս կը հիւրընկալուի բոլոր երկիրներուն կողմէ:
Միքաթի աւելցուց, որ ինք Քամերոնին յանձնած է լիբանանեան կառավարութեան կողմէ պատրաստուած ցանկ մը, որ կը վերաբերի Լիբանանի կարիքներուն, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ ինք Քամերոնին յանձնած է նաեւ Պէյրութ այցելութեան հրաւէր մը:
Իր կարգին, Քամերոն նկատել տուաւ, որ Մեծն Բրիտանիա կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան եւ կայունութեան. ան աւելցուց, որ Լիբանանն ու Մեծն Բրիտանիան գործընկերներ են, որոնք յանձնառու են միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան: Այս առումով, Քամերոն ընդգծեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ Լիբանանի բոլոր պարտաւորութիւնները իրագործելու կարեւորութիւնը:
Քամերոն նաեւ շնորհաւորեց լիբանանեան իշխանութիւնները` կառավարութեան կազմութեան առիթով, ինչպէս նաեւ կառավարութեան որդեգրած դիւանագիտական կեցուածքներուն, յատկապէս` Լիպիոյ նկատմամբ անոր որդեգրած կեցուածքին առիթով:
Քամերոն ակնարկելով արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն` նշեց, որ Լիբանան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է «Արաբական գարնան» մէջ, յատկապէս ժողովրդավարական վարչակարգ ունենալու իր իրականութեամբ:
Քամերոն շեշտեց նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններուն վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի Լոնտոնի լիբանանեան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ կարգ մը լիբանանցի անձնաւորութիւններու հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Լիբանանեան դեսպանատան մէջ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները` ըստ իր մշակած աշխատանքային ծրագիրին, որուն մէջ յստակօրէն նշուած է, որ կառավարութիւնը կառչած կը մնայ Լիբանանի միջազգային յանձնառութիւններուն:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը կայուն է` աւելցնելով, որ ապահովական կայունութիւնը հիմնուած է հիմնական երեք տուեալներու վրայ: Անոնք են. ա) Հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող զինադուլն ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը, բ) Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի թիւ 1757 բանաձեւին գործադրութիւնը, յատկապէս այդ ատեանը ֆինանսաւորելու հարցով, գ) Սուրիական իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ պէտք է պահպանել Լիբանանը եւ անոր ազգային միասնականութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները, որովհետեւ երկկողմանի այդ յարաբերութիւնները իւրայատուկ են:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որուն շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով եւ անոր ներկայացուց Մեծն Բրիտանիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:


