«ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՍՏԱԽՕՍ Է» Կ՛ԸՍԷ ՍԱՐՔՈԶԻ
«Քուրսորինֆօ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Քան քաղաքին մէջ Քսաններու վեհաժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ իր ունեցած դէմ առ դէմ հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ստախօս է:
«Չեմ կրնար ալեւս զինք տեսնել. ան ստախօս է», Օպամային ըսած է Սարքոզի:
«Դուն յոգնա՞ծ ես: Իսկ ես ստիպուած եմ ամէն օր անոր հետ խօսիլ», Ֆրանսայի նախագահին պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
CATEGORIES Միջազգային

