50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (10 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի ուսումնական տարին այս տարի եւս սկսաւ բնականոն պայմաններու մէջ: Հոկտեմբեր 2-ին ճեմարանի դուռները բացուեցան նորեկներու արձանագրութիւններէն, քննութիւններէն եւ վերաքննութիւններէն ու մանկավարժական ժողովներէն ետք: Հոկտեմբեր 10-ին սկսան դասերը:

Անցեալի համեմատութեամբ, ճեմարանի աշակերտութեան թիւը այս տարի գերազանց է: Անցեալ տարի պարապմունքները սկսան 490 աշակերտներով, այս տարի` 507 հոգիով, առանց հաշուելու 25 ազատ ունկնդիրները, որոնց մէջ կարեւոր մաս կը կազմեն Ամերիկայէն եկած աղջիկներն ու տղաքը:

Այս 507 թիւէն մանկապարտէզ` 130, նախակրթարան` 157, ճեմարանական բաժին` 220:

Գիշերօթիկներու թիւը այս տարի գրեթէ հաւասար է անցեալ տարուան. անցեալ տարի ճեմարանը 38 գիշերօթիկ ունէր. այս տարի` նոյնպէս 38, որոնց 21-ը` տղայ, իսկ 17-ը` աղջիկ:

Ճեմարանը գիշերօթիկներ ունի` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն, Յունաստանէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն:

Ճեմարանի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ընդհանուր թիւն է 34, որոնցմէ երեքը կու տայ Լիբանանի կառավարութիւնը արաբերէնի համար, մէկը` Լիբանանի Ֆրանսական առաքելութիւնը, եւ մէկը` Գարեգին վրդ. Սարգիսեանը` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

Տնօրէնութիւնը կը մնայ նոյնը` Ս. Վրացեան, Գ. Բանեան եւ Մ. Իշխան:

Ճեմարանի ներքին աշխատանքները բնականոն ընթացքի մէջ են: Մանկապարտէզը ունի 130 աշակերտ-աշակերտուհիներ եւ կը գտնուի Գարմէն Պուտագեանի ղեկավարութեան տակ, իր օգնականներով եւ աշխատակիցներով: Մանկապարտէզի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը հիմնուած է արդի մանկավարժական սկզբունքներու վրայ: Մանկապարտէզը ունի իր թերթը` տարեկան մէկ թիւ, «Փեթակ» անունով:

Նախակրթարանը, 4 տարի, նախապատրաստական մասն է ճեմարանական բաժնի համար: Այս տարի դասարանները աւելի լեցուն են: Ամէն տարի ճեմարան մտնողներուն թիւը կ՛աւելնայ, բայց դժբախտաբար, տեղ չկայ բոլորին բաւարարութիւն տալու:

Զուտ ճեմարանական բաժինը, 7 տարի, բաղկացած է երկու մասէ` միջին կարգեր եւ վերջին երեք դասարանները, որոնք կը կոչուին լսարաններ եւ ունին Լսարանական միութիւն:

Միջին կարգերն ալ ունին իրենց թերթը` «Կանթեղ», տարեկան մէկ թիւ:

Լսարանական միութիւնը կը ծառայէ ընդհանուր զարգացման. բաժնուած է քանի մը խմբակներու` գրական, գիտական, թատերական, երաժշտական եւ այլն, իւրաքանչիւրը առանձին  ուսուցչի ղեկավարութեան ներքեւ: Լսարանական միութիւնը կը հրատարակէ իր պարբերականը` «Ջահակիր»ը, տարեկան երեք թիւ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ
ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 2 նոյեմբերին` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղւոյս Օգնութեան խաչի մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով «Նաւասարդ» ակումբի սրահին մէջ, դասախօսեց Արփի Քիւրքճեան` նիւթ ունենալով մեր իգական սեռի դաստիարակութեան խիստ կենսական հարցը:

Կը նախագահէր տիկին Սասունի:

Յարգելի տիկինը, մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւող իր դաստիարակիչ եւ լրջօրէն պատրաստուած դասախօսութեամբ ծանրացաւ հայ աղջիկներու կրթութեան եւ ապա, անոնց ունեցած պարտաւորութեանց եւ պարտականութեանց վրայ` շեշտելով, թէ մայրութիւնը, որուն ձեռքը կը գտնուի ընտանեկան ոգին եւ մշակոյթի գործը, պէտք է իր կոչումին գիտակցութիւնը ունենայ: Մաքրութենէ զուրկ եւ բարոյական ըմբռնումներէ խզուած ընտանիքները անընդունակ են ազգայնական հասարակաց ոգի մը փոխանցելու գալիք սերունդներուն: Մեր նոր սերունդին մէջ ազնուական ցեղը վերստեղծելու անհրաժեշտութիւնը պիտի իրագործուի ընտանեկան դաստիարակութեամբ: Ազնուական ընտանիքն է, որ կը ծնի ազնիւ անհատը, ազնուական ազգը:

Դասախօսութենէն ետք, արտասանեց Ա. Չոլաքեան, իսկ Յ. Կոնճեան մեներգեց:

Այս առթիւ, մեր շնորհակալութեան հետ կը յայտնենք մեր շնորհաւորութիւնը յարգելի տիկնոջ, որ իր վարժ, տրամաբանական եւ թելադրիչ գաղափարներով  խորապէս տպաւորեց բոլոր ներկաները:

 ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES