ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ. ՏՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԻՐԵԼ ՏԱԼ
Դպրոցէն տրուած տնային պարտականութիւնները յաճախ հակադրութիւն, վէճ եւ անհաճոյ կացութիւններ կը ստեղծեն ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ: Մանկավարժ- հոգեբան Ժիլ-Մարի Վալէի կարծիքով, տնային աշխատանքներու պահը վէճի, յանդիմանութիւններու, սպառնալիքներու վիճակէն պէտք է դուրս բերուի եւ վերածուի հաճելի ժամանցի մը` եթէ կ՛ուզենք, որ անիկա օգտակար եւ արդիւնաւէտ դառնայ: Այս նպատակով ալ Ժիլ-Մարի Վալէ հետեւեալ լուծումները կ՛առաջարկէ բոլոր այն ծնողներուն, որոնք այս կացութեան մէջ կը գտնուին:
1
Երեխային արտօնել, որ ինք ընտրէ իր աշխատանքին վայրը:
Այո, մենք մեծերս ունինք այն հաստատ համոզումը, որ միայն լռութեան եւ առանձնութեան մէջ դպրոցական մը կրնայ կեդրոնացած աշխատիլ: Մինչդեռ սենեակը առանձնացած երեխային համար ատիկա բանտարկութեան համազօր բան մը կրնայ ըլլալ: Նստասենեակը, մեծերով շրջապատուած թերեւս ան աւելի «ապահով» եւ հանգիստ կը զգայ: Աշխատանքի յարմարագոյն պայմաններուն շուրջ երկար կարելի է վիճիլ. անձէ-անձ անոնք կը փոխուին: Հետեւաբար արտօն ենք, որ փոքրիկը ինք ընտրէ իր աշխատանքին վայրը:
2
Ներկայ ըլլալ, բայց անոր փոխարէն չաշխատիլ:
Հոս ալ լուրջ կացութիւն մը կայ: Երբ կ՛արտօնենք մեր զաւկին, որ նստասենեակը աշխատի, պատկերասփիւռը պէտք է անջատուի, եւ ան հասկնայ ու գիտնայ, որ աշխատանք ունի կատարելիք: Մեր ներկայութիւնը, ուշադրութիւնը եւ թելադրանքները դրական ազդեցութիւն կը գործեն աշխատող մանուկին վրայ: Սակայն շատ լաւ պէտք է գիտնանք միջամտութեան մեր սահմանները եւ անոր փոխարէն մենք չկատարենք տրուած պարտականութիւնները, եթէ կ՛ուզենք օրին մէկը ինքնաբաւութեան հասցնել զինք:
3
Օգնել, որպէսզի երեխան իր աշխատելաոճը ունենայ:
Փորձենք մեր զաւկին հետ գտնել աշխատելու եւ սորվելու իրեն յարմարող աշխատելաոճը: Ոմանք դաս մը կը սորվին բարձրաձայն կարդալով եւ բազմաթիւ անգամներ կրկնելով, ուրիշներ` դասը ամփոփելով կամ գլխաւոր կէտերու վերածելով, ուրիշներ` դասը գծապատկերի վերածելով: Հետեւաբար փորձենք փնտռել եւ միասնաբար գտնել, թէ ո՛րն է մեր զաւկին յարմարող աշխատելաոճը:
4
Դասին եւ դպրոցին իմաստ տալ:
Ոչ ոք կ՛աշխատի եւ ճիգ կը թափէ առանց հասկնալու պատճառը: Նոյնն է պարագան դպրոցականներուն: Երբ մեր զաւկին կ՛ըսենք. «Սորվէ՛, որ մարդ դառնաս» կամ «եթէ սորվիս, ապագային բարձր պաշտօններու պիտի արժանանաս», այս բոլորը վերացական խօսքեր են մանուկին համար, մինչդեռ պէտք է անոր բացատրենք, որ աշխատելով հանգիստ ամառ մը պիտի անցընէ առանց վերաքննելի նիւթեր ունենալու կամ աշխատելով յաջորդ օրը ինքնավստահ դասարան պիտի մտնէ եւ շատերու նման պիտի մասնակցի դասին, գնահատուի ուսուցչուհիին կողմէ եւ հոգեպէս ուրախ զգայ: Այս խօսքերը աւելի շօշափելի եւ խթանող են անոր համար:
5
Ընդունիլ, որ ընկերոջ մը հետ աշխատի:
Եթէ նկատենք, որ դասի, պարտականութեան պատճառով լարուածութիւնը երթալով կը շեշտուի: Պարբերաբար արտօնենք, որ դասընկեր մը գայ եւ միասին սորվին յաջորդ օրուան դասերը: Մենք մեր կարգին բազմապատկութեան աղիւսակի մրցում մը կազմակերպենք, ոտանաւորը երկու ձայնով արտասանելու փորձ ընել տանք, պատմութեան դասը հաւանական պատասխաններով հարցումներու խաղի վերածենք, եւ այլն… Մանուկները շատ աւելի դիւրին կը սորվին հաճելի, քան ճնշուածութեամբ եւ լարուածութեամբ լեցուն պայմաններու մէջ:
ԱՅԼԱԶԱՆ
600 ՀԱԶԱՐ ԱՅՑԵԼՈՒ…
Ամրան եղանակին Պաքինկհամ պալատը ընդունած է աւելի քան 600 հազար այցելու: Անոնք եկած են դիտելու իշխանուհի Քէյթի պսակի հագուստը: Թէեւ պալատի աղբիւրները այս առիթով ապահովուած հասոյթին մասին չեն խօսիր, սակայն հաստատ է, որ 11,65 միլիոն եւրոյի մուտք մը գոյացած է` տրուած ըլլալով, որ այցելութեան տոմս մը կ՛արժէ շուրջ 20 եւրօ:
ԱՆԺԵԼԻՆԱ ԺՈԼԻ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ
ՄԱԿ-ի բարի կամեցողութեան դեսպանուհի Անժելինա Ժոլի Լիպիա այցելեց, յատկապէս Մսրաթա քաղաքը, ուր մեծ աւեր գործուած էր յեղափոխութեան օրերուն: Նոյն առիթով ամերիկացի դերասանուհին այցելած է Մսրաթայի, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Թրիփոլիի հիւանդանոցները` իր բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերելու բոլոր վիրաւորներուն նկատմամբ:
ՄԻՇԵԼ ՕՊԱՄԱ
Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանի մը հետ կատարած հարցազրոյցի մը ընթացքին Միշել Օպամա յայտնած է, թէ ինք վարպետ ծպտուող մըն է: Ան խոստովանած է, թէ յաճախ ծպտուած փողոց կ՛իջնէ եւ հազուադէպօրէն մարդիկ կը ճանչնան զինք: Միշել Օպամա աւելցուցած է, թէ իր պտոյտներուն ընթացքին իր երկու աղջիկներն ալ իրեն հետ կ՛առնէ, քանի որ վերջին հաշուով իրաւունք ունին բնական կեանք մը ապրելու:
ԹՈՔԸԼ ՔԸՐՄԱՆ
Եմէնցի գործիչ Թոքըլ Քըրման երկու լիպերիացի կիներու հետ արժանացաւ 2011-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին: Այսպիսով երեք ափրիկեցի կիներ բաժնուեցան խաղաղութեան մրցանակը` իրենց երկիրներուն խաղաղութեան եւ առհասարակ ժողովրդավարութեան համար ի գործ դրած իրենց գնահատելի ճիգերուն համար:
Բայց աւելի՛ն, այս մրցանակի պատմութեան մէջ աննախընթաց երեւոյթ է, որ արաբ կին մը ստանայ մրցանակը:
Ըսենք, որ Քըրման 32 տարեկան լրագրող, արձակագիր եւ բանաստեղծուհի է, ան կարեւոր դեր ունեցած է Եմէնի մէջ ծայր առած յեղափոխութեան եւ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: Ան «Թայմ» թերթին կողմէ ընտրուած է որպէս պատմութեան մէջ ամէնէն ցայտուն յեղափոխական կին դէմքը: Միւս կողմէ, «Թայմ»ի ընթերցողներուն կողմէ ընտրուած է 2011-ի ամէնէն տպաւորիչ 100 կիներէն մէկը: Եմէնի կրթական նախարարութիւնը զինք որակած է որպէս առաջնորդ եւ քարիսմա ունեցող կին: Ան նաեւ դասուած է միջազգային մակարդակի վրայ զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող 500 անձնաւորութիւններուն կարգին:
ՏԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ
ՊԱՏԻ ՎՐԱՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ԴԱՐԱՆՆԵՐ
Պատի վրայ հաստատուած այս դարանները գործնականէ աւելի «տեքորաթիֆ» նպատակ ունին:
Դարաններու այս կառոյցը կը յարմարի նստասենեակի մը եւ յատկապէս պատանիի մը ննջասենեակին: Զանազան բաժիններուն վրայ կարելի է շարել խտասալիկներու տուփեր, քանի մը գիրք, լուսանկարի շրջանակ մը, եւ այլն…
Կարելի է սենեակին չորս պատերէն մէկը ներկել մութ գոյնով եւ վրան հաստատել այս հետաքրքրական «գրադարանը», որ նաեւ աժան եւ դիւրին իրագործելի կը թուի:ործնականէ աւելի «տեքորաթիֆ» նպատակ ունին:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ԼՈԼԻԿՈՎ ԱՊՈՒՐ
– 1 խոշոր սոխ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 2 մեծ տուփ կեղուըուած պահածոյ լոլիկ
– 2 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս
– Թարմ ռեհանի տերեւներ
– 8 գունդ մոցարելլա պանիր
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Կաթսայի մը մէջ մանրուած սոխը դարձնել ձէթին մէջ, աւելցնել պահածոյ լոլիկները, լոլիկի խիւսը, ռեհանը, աղն ու պղպեղը: 15 վայրկեան թեթեւ կրակի վրայ եփել, ապա միքսըրէ անցընել:
Ստացուած խիւսը բաժնել չոր, փոս ամաններու մէջ, իւրաքանչիւրին մէջ աւելցնել երկու գունդ մոցարելլա պանիր, երեսը զարդարել մանրուած ռեհանի տերեւներով եւ սեւ համեմով:
Հրամցնել չորցած հացի հետ:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ԹՌՉՈՒՆ
Առաւօտեան ապակի այլութեան մէջ այցելու
թեւ մը հալած
հպելով սահմաններուն սրբուած
ի՞նչ վանկ վարկած կը շրջի քարի հեռու երակներուն
ի՞նչ ընկղմած թռչունի միահամուռ խորութեան կը նայիս
անջատ
վերէն
կ՛անցնէին ծածանող ծիծառներ երաժիշտ
ու կը դողայիր վերամբարձ
միաձիգ
թեւերով ծառերու բացակայ
աստղ մը կանաչ կը բացուէր բոյրերու մով ճաճանչումին
ո՞վ էր հոն ո՞վ էր հոն
տերեւներու բիլ ու մանուկ ոռոգումին ողողող
եւ նոյն ալիքը հունչին անտառներէն կը տարածուէր երկնքին
կը քալէր համասփիւռ հոյլերու հոծ արշիպեղագոսէն
անդրատլանտեան նաւերուն ուղղահայեացք թռիչքէն
եւ ծովն էր յաւերժական իր աստղերու շրջուող ալիքներով հրային
եւ թաթառը կեդրոնախոյս անսկիզբ մինչեւ ձայները գերազանց կրակներու
ուր չեն հասնիր հին վկաները լեզուին
մինչեւ հոն ուր կապոյտ միաձայնութեան եւ անծանօթ մեծ թիւերու
ովկիաններուն կը ծագին
կը փշրուին ծիր կաթիններ հելիոմէ
կը քալէիր լռութեան եզերքներէն քայքայուող
քերթուածի յայտնութեան
թեթեւ
իբրեւ ձուկ ու թռչուն ու տերեւ միասին
եղաւ
կը պտտիս ապակի տարածոյթին մարմինիդ:
ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՍԻՍԱԳԱԼԵԱՆ


