ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Արտադասարանային աշխատանքներուն թափ տալու, արուեստի ճիւղերուն ծանօթանալու եւ արուեստագէտներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու նպատակներով, հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան, որ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ:

Հաւաքին, վարժարանի հայագիտական դասանիւթերու համակարգող եւ դասատու Րաֆֆի Տեմիրճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Աշոտ Ճենտերեճեան նախ ներկայացուց իր հակիրճ կենսագրութիւնն ու երաժշտական ասպարէզին մէջ իր ունեցած գործունէութիւնները, ապա խօսեցաւ երաժշտութեան կարեւորութեան մասին:

Ան յայտնեց, որ երաժշտութիւնը մարդու մտայղացումներուն եւ զգացումներուն արտայայտութիւնն է: Ճենտերեճեան շեշտեց, որ երաժշտական ուսման հետեւիլը կ’ենթադրէ լուրջ, հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանք, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ գնահատելի արդիւնքի:

Երաժշտութեան պատմութեան հանգրուաններուն անդրադառնալէ ետք, Աշոտ Ճենտերեճեան խօսեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին եւ Հայաստանի մէջ երաժշտական ուսում ստանալու կարելիութիւններուն ու պայմաններուն մասին:

Հանդիպումէն ետք աշակերտները հարցումներու ընդմէջէն ունեցան մտերմիկ զրոյց մը օրուան հիւրին հետ:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES