ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ. ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔ ՄԸ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Նախաձեռնութիւնը աննախընթաց այս ձեռնարկին` յղացումն էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչական-գրատարածի տնօրէնութեան, գործակցութեամբ «Ազդակ»ի, կազմակերպուեցան լիբանանահայ վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի վերաբերեալ մրցանքներ, հայոց լեզուն ճիշդ սորվելու, ուղղագրութեան կամ «Ճիշդ գրելու», «Եկէք շարադրենք» եւ այլ թեմաներով:
2011-ի ապրիլ ամսուան 8-17 յատկացուեցան յիշեալ մրցանքներու, որոնց շարքին նաեւ ընթացք առաւ «Գիրքի պատրաստութեան» մրցանքը` միջնակարգի յատուկ (7, 8 եւ 9 կարգերու): Այսօր մեր ձեռքին ունինք խմբական աշխատանքով պատրաստուած գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէ մրցանակի արժանացած վարժարաններու աշակերտներուն կողմէ ստեղծագործուած վեց պատմութիւններ` աշակերտական երեւակայութեան եւ մտայղացման արդիւնք:
Ա. մրցանակ` «Առողջ դաստիարակութիւն», Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի Թ. դասարանի խմբակ, որ շեշտը դրած է առողջ դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ:
Բ. մրցանակ` Թէքէեան վարժարանի միջնակարգի խմբակը ներկայացուցած է «Գաղտնի աշխարհ» պատմութիւնը եւ «Զարթօնք ժողովուրդի», Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Ը. դասարանի աշխատանք:
Երրորդ հանդիսացած են «Հայկական Կաղանդի սովորութիւններ» (Ճեմարան), «Արարատին» (Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ), «Հարազատ կանչը» (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Աշակերտական միջնակարգ դասարաններու միացեալ աշխատանքը նոր ոգեւորութիւն պիտի ներշնչէ նոր սերունդին` լրջութեամբ մօտենալու հայոց լեզուին, պահպանելու հայ գիրքը եւ ընտելանալու ընթերցանութեան, որով կարելի պիտի ըլլայ տիրանալ ընդհանուր զարգացման:
Խմբական, միացեալ աշխատանք մը իրագործուած է: Դատական կազմը արդար վճիռ տուած է` ընտրելով լաւագոյնը: Յուսանք կը շարունակուի այս նախաձեռնութիւնը` յօգուտ ազգային կեանքի յառաջդիմութեան:

