ՀԱՅՐԵՆԻ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՍ ԸՆԴՄԷՋԷՆ` ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ԵՐԵՒՈՅԹԸ

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Երբ ճակատագիրը այնպէս մը կը տնօրինէ, որ երկու տարուան ընթացքին անընդմէջ հայրենիք այցելելու բախտը վիճակուի պրպտող միտքով անհատի մը, ընթերցողը ակամայ հարց պիտի բարձրացնէ, թէ այդ կարճ ժամանակամիջոցին նորանկախ երկրի մը մէջ ու անոր բնակչութեան մէջ արձանագրուած պէտք է ըլլան ինչպիսի՛  նշանակալի փոփոխութիւններ, որոնք արժանի ըլլան խորհրդածութեան:

Ի դէպ, այս տարուան այցելութիւնս Երեւան, սփիւռքահայ կառոյցներու եւ օտարագիր հայ գրողներու համագումարներու ծիրին մէջ Քալիֆորնիահայ գրողներու միութիւնը ներկայացնելու քաղցր պարտականութեամբ կը յատկանշուէր, սակայն զոյգ համագումարներուն միջեւ տարածուող ժամանակաշրջանը, Տաթեւի վանք ուխտագնացութեան մը եւ թրքական սահմանը գտնուող` ընկեր Պետոյի մշակած հողատարածքը խիզախելու կողքին, ինծի առիթ ընծայեց մխրճուելու ու առնչուելու հասարակ հայաստանցիին առօրեայ հոգերուն, վերապրումի ճիգերուն ու անոր տագնապումներուն` առանց նախապաշարումի ու առանց հովանաւորչական նկրտումներու:

Շատ դիւրին պիտի ըլլար իր գոյութեան համար տասը ճակատներու վրայ պայքարող ժողովուրդի մը տագնապները նսեմացնել, կամ ալ դատաւորի պատմուճան հագուելով` յաւակնիլ հայրենասիրական դասեր տալ ամէն վայրկեան շահարկման ենթարկուող, համաշխարհայնացումն ու շուկայական տնտեսութիւնը սխալ մեկնաբանող ու իրենց անպաշտպան հայրենակիցը արիւնաքամ ընելու հետ շփոթող օլիկարխային սիստեմ-դրոյթին տակ հեծող, մեծ ու փոքր մոնոփոլիստներու գործարարական անխիղճ ըմբռնողութեան թիրախ ծառայող անտէր ժողովուրդի մը  պոռթկումներուն, որոնց հարկ է մարդկօրէն մօտենալ, զգայնութիւն ու հասկացողութիւն ցոյց տալ:

Ներկայ փորձագրութեամբ նորութիւն մը ըսած ըլլալու յաւակնութիւնը չունինք, յատկապէս երբ մեզի համար շատ ցաւալի իրողութիւններ կը մատնանշենք. բան մը, որ ամէն հայ ղեկավար ու պարզ մահկանացու կը տեսնէ, կը զգայ, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները, կարծէք, կը դժկամակին տեսնել ու կարծէք անկարողութեան մատնուած ըլլային յեղաշրջելու վտանգաւոր այդ երեւոյթին ստացած ահեղ ընթացքը:

Խօսքս ընկերային արդարութիւն կիրառելու, մոնոփոլիի վերացման ու որոշ խաւի մը մօտ Հայաստանի մէջ շահուած գումարներու երկրին սահմաններէն դուրս ներդրելու մոլութեան կը վերաբերի:

Սակայն որո՞ւ խօսք պիտի հասկցնես…

Ամբողջ քսան տարի, Երրորդ աշխարհին պատկանող ու Հայաստանի բնակչութեան թիւը ունեցող նորանկախ երկրի մէջ գործած ու համատարած փտախտին ակամայ մաս կազմած ըլլալու պարագան, մեզի բարոյական իրաւունք կու տայ կատարելու այս ախտաճանաչումները, ինչպէս նաեւ` սրտցաւ ընդհանրացումները:

Մասնաւորապէս Երեւանի փողոցներուն, սրճարաններուն, թաքսիի վարորդներուն մօտ կը տիրէ, այն սխալ համոզումը, թէ օտարերկրացի հայերս եւ մասնաւորաբար` ամերիկահայերս, անքրտինք, անհեւք ու առանց յոգնութեան կը շահինք մեր օրապահիկը, եւ մեր կեանքը դրախտայինէն եօթը գիծ վեր է կամ ալ` անոր համահաւասար: Եւ եթէ զգաստութեան հրաւիրես ենթական կամ քաջութիւնը ցուցաբերես հակաճառելու, քիթ-բերան կը ծռեն եւ երբեմն ալ կոպիտ, անարգական վերաբերմունքի կ՛արժանացնեն ենթական:

– «Դու» ամերիկեան դրախտը վայելելով հանդերձ, ինչպէ՞ս կը յանդգնիս մեր անուրջ երազը քանդել, ի՞նչ իրաւունքով…

– Յարգելի՛ օրիորդ կամ սիրելի հայրենակից, «դու» կեանքիդ մէջ գէթ օր մը Ամերիկա ճակտի քրտինքով փորձե՞ր ես ապրիլ: «Դու» գիտե՞ս` ի՛նչ դաժան, դժուարին կեանք է հոն արդար քրտինքով ապրուստ վաստկիլը: Աստուծոյ սիրոյն, որո՞նք են Ամերիկան ձրիօրէն փրոփականտողներն ու իտէալացնողները: Տուէ՛ք ինծի այդ մարդոց հասցէները, որպէսզի պայթեցնենք սուտի ամրոցը, եւ տակաւին, այդ մարդոց ձրիակեր էութիւնը բարձրախօսենք աշխարհին:

Աբովեանի հրապարակը հատող անկիւնը, «Տայմընտ փիցցա»-ին դիմացը կայ սրճարան մը, որ նախասիրած վայրս է` բաժակ մը պաղ գարեջուր խմելու եւ ծանօթ գրողներու ու բարեկամներու հանդիպելու: Թէեւ «Մարիոթ-Արմենիա»ի «Մայթեզր» սրճարանին եռուզեռը չունի «Հիլհարմոնիքը», սակայն անիկա պատահական ծանօթ անցորդէ մը առանց ընդմիջումի կարենալ զրուցելու պերճանքը կը պարգեւէ այցելուին, եւ ամէնէն կարեւորը` հոն գարեջուրի սպասարկութիւնը աւելի արագ կը կատարուի:

Հոն ծառայող մարդամօտ ու ժպտադէմ հայուհին` Հռուփսիկը, որուն նախորդ այցելութենէս ծանօթ էի, երբ իմացաւ ամերիկահայ ըլլալս, իր գաղտնի փափաքը յայտնեց, թէ լրջօրէն կը մտածէր Ամերիկա հաստատուելու մասին:

– Ինչո՞ւ,- հարց տուի յանկարծակիի գալով:

– Տասը տարի առաջ մտքովս չէր անցնում Հայաստանէն հեռանալ, սակայն այժմ ապագայի հանդէպ անյոյս վիճակ կը տիրէ,- եւ 35-40 տարու կնկայ իր ֆիզիքականին ակնարկելով,- գործատէրերը ծառայութեան համար երիտասարդ սիրուն աղջիկներ են փնտռում,- ըսաւ:

– Հռուփսիկ ջան, գուցէ այդ երիտասարդ ու սիրուն աղջիկները քու ինթելեքթդ ու մարդամօտութիւնդ չունենան: Յետոյ, էդ ո՞վ քեզ համոզած է, որ կեանքդ հոն աւելի հեզասահ ու դիւրին պիտի ըլլայ: Քեզմէ քանի մը տարիով աւելի երիտասարդ դասախօս դուստրս առաւօտեան ժամը հինգին պիտի զարթնու, որպէսզի եօթնին պաշտօնին գլուխը գտնուի: Մինչդեռ, առաւօտեան ժամը ութէն ինը Երեւանի փողոցները տակաւին ամայութիւն կը տիրէ… առանց սթրեսի այս կեանքը տեղ մը չէք գտներ:

Հռուփսիկը` աշխատասէր ու մարդասէր հայուհին, տարակուսանքով գլուխը շարժեց ու գնաց քովի սեղանէն ապսպրանք վերցնելու: Առիթէն օգտուելով` դիմացը, արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին գետնայարկը տակաւին իր գոյութիւնը պահող գրատունը մտայ, անցեալ տարի հրատարակուած իմ նոր հատորս` «Այն միւս փողոցը»ն, գնելու ու թերահաւատ, հայրենի ղեկավարութենէն հիասթափուած հայուհիին նուիրելու:

– Ներկայ հատորով Ամերիկան չեմ վատաբաներ: Այլ բիրտ անկեղծութեամբ, առարկայականօրէն մեր առօրեան կը պատկերեմ: Նախքան արտագաղթի նման լուրջ քայլի մը ձեռնարկելը` լաւ կ՛ըլլայ, որ մարդ մէկ-երկու հատոր գիրք կարդայ այդ երկրի կեանքին ու բարքերուն մասին,- ըսի հայուհիին:

«Մենք այստեղ գաղափար անգամ չունինք այսպիսի գրքերու գոյութեան մասին…» ըսելով` համալսարանական հայուհին վրաս սեւեռեց իր խաժ աչքերը:

«Այո՛, որովհետեւ ձեր գրող քննադատները սփիւռքահայ ունեւոր դասակարգի գրողներու գործերուն կ՛անդրադառնան միայն», պիտի ըլլար պատասխանս, եթէ օրհնեալ բերանս բանայի: Իցիւ թէ հայրենապաշտ կազմակերպութիւն մը, արտագաղթը կասեցնելու անյետաձգելի մարտահրաւէրին անսալով ու խօսքէն գործի անցնելով, «Փողոցիս» նման գիրքեր քանի մը հազար տպաքանակով հրատարակէր ու բաժնէր` մեր առօրեային բիրտ իրականութիւնը, գիրքիս գլխաւոր հերոսին` Վիեթնամի աներդիք մնացած կռուողին բերանով, օտարութիւն երազող միամիտներու երեսին շպրտելու եւ զանոնք իրենց թմբիրէն արթնցնելու համար:

Նոյն օրը, տարբեր առիթներով, նոր-նոր թերահաւատներու խումբերու հետ, ստիպուած եղայ նոյն քայլին դիմելու: Իսկ թաքսիի վարորդներու պարագային, անոնց անլռելի գանգատները անխօս մտիկ ընելէ ետք, նոյնանման հարցում մը կը կազմաւորուէր շրթներուս վրայ.

– Բարեկա՛մ, դուն օր մը, ժամ մը միայն այդ երազային Ամերիկայիդ մէջ ճակտի «հալալ» քրտինքով փորձա՞ծ ես ընտանիքիդ ապրուստը վաստկիլ, որ դուն քեզի իրաւունք կու տաս ամերիկեան քաղաքացիիս պատգամելու` «Արա՛, «դուք» Ամերիկայում շատ լաւ էք ապրում…»: Բարեկա՛մ, դուն գիտե՞ս, որ հետզհետէ սրող տնտեսական ճգնաճամին պատճառով մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց սեփական տուները, պիզնեսն ու մեքենաները, որոնց յաճախ կը յաջորդէ կողակիցին կորուստը, այսինքն` ապահարզանը:

Եւ որպէսզի թեթեւցնեմ նոյն յանկերգը հարիւրերորդ անգամ լսելու ստիպողականութենէն յառնող ցաւն ու մորմոքը, ես ինծի պարտադրեցի հետեւեալ վրիժառու կեցուածքը:

Թաքսիի այն վարորդը, որ լուռումունջ զիս կը հասցնէ, պետականօրէն ճշդուած 600 դրամի սակագինին վրայ 200 ալ ձեռադիր կը ստանայ:

Թաքսիի այն վարորդը, որ հայրենիքի գովքը կը հիւսէ կամ Հայաստան ապրիլը կը նախընտրէ օտարութենէն, եւ իր նմանները, ընդհանրապէս օտարութիւն համտեսածներն են. այդպիսի հայրենասէրներուն սկսայ 600-ի փոխարէն` 1000 դրամ վճարելու իբրեւ վարձատրութիւն:

Իսկ հայրենիքը վատաբանողներուն կամ Ամերիկայի մէջ ձրիակեր կեանք երազողներուն` միայն ու միայն 600 դրամ:

Թող այս վերջինները երթան օտար դեսպանատուներէն պահանջեն ազգադաւութեան իրենց երեսուն արծաթը…

«Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, ազգովին դարձանք գնչու…». երբե՛ք այսքան իրաւ չէր հնչած Նշան Պէշիկթաշլեանի պատկերաւոր այս արտայայտութիւնը, որ այնքա՛ն կը պատշաճի Հայաստանի մէջ գլուխ առած արտագաղթի խուճապին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES