ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին, կաթողիկոսը այցելեց Մոնթեպելլոյի Ազգային Մեսրոպեան երկրորդական վարժարան եւ խօսք ուղղեց աշակերտներուն, դաստիարակներուն եւ ծնողներուն: Ան առաջին հերթին յայտնեց, որ ինք եւ եկեղեցւոյ ծառայողները հոգեւոր հայրեր են ժողովուրդին համար, ապա գնահատեց մեր ապագային տիրութեան մէջ այսօրուան մանուկներուն դերը: Ան անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին կենսական դերին` հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս մանուկներու կեանքին մէջ, կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութեան ջանքերու իմաստով:
Երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին կէսօրին, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ գործող հայ արհեստավարժներու եւ մասնագիտական ասպարէզներու հետեւորդներու ընկերակցութիւններու եւ հիմնարկութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Մօտաւորապէս 100 ներկայացուցիչներ ներկայ էին այս հանդիպման: Առիթ տրուեցաւ, որ իւրաքանչիւր միաւորէ ներկայացուցիչ մը զեկուցում մը տայ: Խօսք առին հայ իրաւաբաններու ընկերակցութեան, բժիշկներու, ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու, հիւանդապահներու, պետական ասպարէզներու մէջ հայ աշխատաւորներու, ոսկերիչներու, բժշկագիտական տարբեր կալուածներու, ելեւմտական եւ դրամատնային մարզի, առեւտրականներու ընկերակցութիւններու եւ խմբաւորումներու ներկայացուցիչները, Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամի եւ այլ միաւորներու անդամներ:
Ուրախութիւն եւ հպարտութիւն յայտնելով հայ արհեստավարժներու թիւի աճումին եւ անոնց մատուցած ծառայութիւններուն համար` վեհափառը ներկաներուն ուշադրութեան յայտնեց, որ ներկայ աշխարհը մակերեսայնութեան եւ անորոշութեան ժամանակը չէ, իսկ կեանքի արագ զարգացումը ստեղծած է վիճակ մը, որուն մէջ աւանդական սահմանագծումները դադրած են գոյութիւն ունենալէ, տարբեր շրջաններու եւ կալուածներուն մէջ եղողները փոխադարձաբար կը ներգործեն իրարու վրայ, բոլորը առնչակից կը դարձնեն նոյն հարցերուն, տագնապներուն եւ զարգացումներուն: Ըստ կաթողիկոսին, աշխարհի տարբեր շրջաններու եւ տարբեր կալուածներու մէջ գործողները շատ աւելի համեմատութեամբ կախեալ են իրարմէ, իսկ համաշխարհայնացումը միայն տնտեսական երեւոյթ չէ, այլ նաեւ` կեանքի տարբեր մարզերը կլանող, զանոնք իրարու կապող զարգացում: Վերջապէս, կաթողիկոսը շեշտեց, որ արհեստավարժութիւնը եւ արհեստավարժները իրենց առաքելութեան մասնիկը պէտք է համարեն ծառայութիւնը, ընկերութեան զարգացման եւ հարցերու լուծման մէջ ունենան ներդրում, մասնակցութիւն բերեն կեանքի բարեփոխման: Այս մօտեցումով, վեհափառը յայտնեց, որ արհեստավարժ ծառայողները գործակիցներ կը նկատուին եկեղեցւոյ, որուն առաքելութիւնն է ծառայել մարդկութեան եւ դիմագրաւել անոր ընկերային եւ այլ հարցերը: Վեհափառի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյցի պահ մը:
Աւելի ուշ, Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ կաթողիկոսը շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ հայկական կազմակերպութիւններու եւ յարանուանական ներկայացուցիչներուն հետ: Վեհափառը ընդունեց այցելութիւնները Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան, Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ Արցախի վեթերաններու միութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան պատուիրակութիւնները: Իրերայաջորդ հանդիպումները առիթ տուին պատուիրակութիւններուն եւ ներկայացուցիչներուն, որպէսզի տեղեկութիւններ հաղորդեն իրենց աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ հանդէս մը, որ կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի իրանահայ միութեան կողմէ, ի պատիւ կաթողիկոսին: Աւելի քան 500 հայորդիներ սրահը լեցուցած էին: Ձեռնարկին յայտագիրը հարուստ էր երաժշտական գեղեցիկ երգերով եւ ասմունքով:
Կաթողիկոսը հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց ներկաները եւ օրհնեց նոր կեդրոնը: Ան համոզում յայտնեց, որ ատիկա քարեղէն կառոյց մը չէ, այլ շնչաւոր կեդրոն մը` բարոյական եւ մշակութային արժէքներու պահպանման եւ փոխանցման իմաստով, շէնք մը, որ նաեւ ժողովուրդին ուղղուած առաքելութիւն պիտի ըլլայ, ինչպէս` հայկական եկեղեցին: Վեհափառը անդրադարձաւ մշակոյթ կերտելու, պահելու, հայերէնին հաւատարիմ եւ ազգային ժառանգութիւններուն եւ աւանդութիւններուն կրողը ըլլալու իրանահայերու արժանիքներուն: Ան նշեց, որ ամբողջ սփիւռքի տարածքին տասնամեակներ շարունակ պահպանուեցան ազատ, անկախ Հայաստանի գաղափարը եւ անոր խորհրդանիշ` Եռագոյնը, իսկ հիմա բոլորին պարտականութիւնն է պաշտպան կանգնիլ հայրենիքի ազատութեան, անկախութեան, զօրակցիլ Արցախին, ապահովել հայկական օճախներուն հայօրէն գոյատեւումը:
Ձեռնարկի աւարտին վեհափառը Անթիլիասէն բերած «Բարձբերդի Աւետարան»ի մէկ էջին մանրանկարը իբրեւ յուշանուէր յանձնեց միութեան ներկայացուցիչներուն:
Չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբերին, ղըպտի եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն, որուն մասնակցեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Վեհափառը առաջին հերթին ողջունեց ներկաները եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սրապիոն եպիսկոպոսին մասին, որուն ծանօթ է տարիներէ ի վեր: Ան դրուատեց ղըպտի առաջնորդին բազմամեայ ծառայութիւնները` միջեկեղեցական աշխատանքներու ծիրին մէջ, սկսելով Միջին Արեւելքէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու այս ափը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ղըպտի առաջնորդարանը հիւրընկալած է միջեկեղեցական այս հանդիպումը: Ան նշեց, որ քրիստոնեայ եկեղեցիները դարերէ ի վեր մաս կազմած են Միջին Արեւելքի եւ անոր մշակոյթին, անոնք պէտք է միասնական ձեւով եւ գործնապէս մասնակից ըլլան շրջանի ժողովրդավարական համակարգին: Ան յայտնեց, որ քրիստոնեայ եկեղեցին հաստատուած է խաղաղութեան վրայ, խաղաղութիւնը հիմնական տարրն է եկեղեցւոյ առաքելութեան, որովհետեւ Յիսուս ըսաւ, որ ինքն է խաղաղութիւնը, կեանքի եւ խաղաղութեան պարգեւիչը: Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ քրիստոնեաները խաղաղութեան առաքեալներն են եւ պէտք է մնան: Ըստ անոր, անոնք հաւատքով, հարուստ փորձառութեամբ եւ յոյսով պիտի պահպանեն Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ինքնութիւնը, որովհետեւ արմատաւորուած են աշխարհի այդ շրջանին մէջ, մաս կը կազմեն անոր դարաւոր մշակոյթին եւ այս յատկանիշները պիտի պահպանեն խաղաղութեամբ` դէմ ըլլալով վայրագութեան:
Չորեքշաբթի 19 հոկտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ 21 հոկտեմբեր, վեհափառը մեկնեցաւ Լաս Վեկաս: Հոն ականատես եղաւ Արեւմտեան թեմի եկեղեցաշինութեան ծիրին մէջ նորագոյն աշխատանքներուն:
Չորեքշաբթի երեկոյեան կազմակերպուած էր մտերմիկ ընթրիք մը, ուր ողջոյնի խօսքեր արտասանուեցան: Հինգշաբթի կէսօրին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Ծխական յանձնախումբը վեհափառը եւ անոր ընկերակիցները ճաշի հրաւիրեց:
Վեհափառին Լաս Վեկաս այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր կատարել քաղաքի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը: Տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը` հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ վեհափառին, որ օծեց եկեղեցւոյ գմբէթին եւ խորանին խաչերը, իսկ առաջնորդ սրբազանը կատարեց 16 սիւներուն օծումը: Արարողութեան աւարտին վեհափառը շնորհաւորեց Լաս Վեկասի հայկական գաղութը այս կարեւոր իրագործումին համար, կարեւոր նկատեց հաւաքական հաւատքով, յոյսով եւ սիրով գործելու ընթացքը եւ մաղթեց, որ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը իր աւարտին հասնի յառաջիկայ տարի: Վեհափառը շեշտեց եկեղեցի կառուցելու նշանակութիւնը:
Լաս Վեկասի ծխական համայնքը ի պատիւ կաթողիկոսին կազմակերպած էր նաեւ մեծարանքի ճաշկերոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի երեկոյեան, քաղաքի «Թրոփիքանա» պանդոկին մէջ: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ բաղկացած էր պարերով եւ ասմունքով:
Անգամ մը եւս ողջունելով Լաս Վեկասի հայութիւնը, ծխական շրջանի նուիրեալները եւ հիւրերը` Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց, որ համայնքին կերտումը եւ աշխատունակութիւնը կախեալ են հաւաքական կեանքի կազմակերպումէն, որ երաշխիքն է յաջող իրագործումներուն: Ան յորդորեց հաւատքով եւ աննկուն կամքով ամրապնդել հաւաքական իրագործումներու ուղին եւ իր խօսքը եզրափակեց` գնահատանք արձանագրելով հիւրընկալներուն, Ազգային վարչութեան եւ բարերարներուն:
Ուրբաթ, 21 հոկտեմբերի կէսօրուան մօտ, վեհափառը Լաս Վեկասէն Սան Ֆրանսիսքօ մեկնեցաւ: Այնտեղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը տօնէր իր 45-րդ տարեդարձը, եւ հոն հաւաքուած էին Ազգ. Գ. Զ. Վ. վարժարանի աշակերտները, դաստիարակները, ինչպէս նաեւ բազմահարիւր հաւատացեալներ, որոնք համախմբուած էին վեհափառին օրհնութիւնը ստանալու:
Կաթողիկոսը գնահատեց գաղութի զաւակներուն եկեղեցասիրութիւնը եւ ազգային կեանքի մասնակցութիւնը: Աշակերտներուն ուղղելով խօսքը` հայրապետը յայտարարեց, որ երէցներէն աւելի` մանուկներն են իր բարեկամները, որովհետեւ անոնք են ազգի ապագան: Ան շեշտը դրաւ մանուկներու առողջ դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ` յորդորելով, որ զանոնք պէտք է տոգորել եկեղեցական եւ ազգային ոգիով, հարստացնել ազգային ժառանգութիւններով:
Նոյն երեկոյեան գաղութը վեհափառին համար կազմակերպած էր մեծարանքի ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին տօնախմբուեցաւ եկեղեցւոյ 45-րդ տարեդարձը: Պատրաստուած էր պատշաճ յայտագիր մը:
Վեհափառը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին եւ անոր կեանքը կերտող նուիրեալներուն մասին: Ան ընդգծեց, որ եկեղեցին սոսկական շէնք չէ, այլ զայն կը մարմնաւորեն հայ ժողովուրդը եւ ծխական համայնքը:
Անդրադառնալով անցնող 45 տարիներու իրագործումներուն` վեհափառը շեշտեց, որ պէտք չէ բաւարարուիլ միայն անցեալը յիշելով, այլ պէտք է վերանորոգել հոգեւոր եւ համայնքային կեանքի ուղին, վերանորոգուիլ եւ կերտել նոր հանգրուաններ:
Վեհափառը Սան Ֆրանսիսքօ այցելութիւնը աւարտեց շաբաթ, 22 հոկտեմբերի կէսօրին, եւ վերադարձաւ Լոս Անճելըս:
Շաբաթ, 22 հոկտեմբերի երեկոյեան, վեհափառը այցելեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կեդրոնատեղին: Շրջանային վարչութեան ատենապետը ողջունեց հայրապետական շքախումբը եւ ներկայացուց ՀՄԸՄ-ականները: Ան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի յարկին տակ հայակերտումի եւ մարդակերտումի աշխատանքներուն` նշելով, որ անոնք կ՛ընդգրկեն նաեւ հոգեւոր դաստիարակութիւն:
Հանդիպումէն ետք վեհափառը հովանաւորեց «Արարատ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 33-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը: Կաթողիկոսը անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի անցեալի եւ ներկայի գործունէութեան, որ ի սպաս կը դրուի հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը ինքնին փոքր Հայաստան մըն է իր ստեղծած ոգեղէն մթնոլորտով եւ նորահաս սերունդներուն ներշնչած ոգիով: Ըստ անոր, ՀՄԸՄ-ը նորահաս սերունդներուն համար կամուրջ մըն է հայրենիքին հետ հաղորդակցութեան իմաստով, անիկա փոքր Հայաստան մըն է մեծ Հայաստանին համար: Կաթողիկոսը մաղթեց, որ մասնաճիւղը եւ անոր պատկանած մեծ ընտանիքը արձանագրեն նոր նուաճումներ` հայկական կեանքին մէջ:
Կիրակի, 23 հոկտեմբերի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ Էսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ: Կաթողիկոսը հանդիսապետեց պատարագին եւ ներկաներուն ուղղեց Գիւտ խաչի տօնէն ներշնչուած իր պատգամը: Ան ողջունեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ անոր ճամբով` Քալիֆորնիոյ հայութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ աշխատանքի մը կամ անձերու գնահատման չափանիշը տեսքին կամ հանգամանքի եւ նիւթական կարողութեան մէջ չէ, այլ` տրամադրուած ծառայութեան տարողութեան մէջ: Վեհափառը նշեց, որ այդ օրը Գիւտ խաչի տօնն է. ան կանգ առաւ քրիստոնեաներու եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ խաչի դերին եւ պատգամին վրայ: Ըստ անոր, խաչը միայն եկեղեցիներուն գմբէթները, խորանները կամ մարդոց կուրծքը զարդարող նշան մը չէ, այլ դարերէ ի վեր ուղի մըն է արդար կեանքի, քրիստոնէական հաւատքի եւ պատգամներու հաւատարմութեան, սիրտն է քրիստոնէութեան ինքնութեան եւ առաքելութեան: Կաթողիկոսը նշեց, որ մեր դարաւոր պատմութեան մէջ ալ խաչը տառապանքի, յաղթանակի եւ հաւատարմութեան խորհրդանիշ եղած է Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ սփիւռքեան օճախներ: Վեհափառը նշեց, որ պէտք է շարունակել մեր կեանքերը լուսաւորել խաչի ճառագայթներով, որովհետեւ չկայ փրկութիւն առանց խաչի, անիկա է նաեւ մեր ժողովուրդին վերածննդեան եւ յաղթական երթի ճամբան:
Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը` կազմակերպութիւններուն եւ միաւորներու ներկայացուցիչներուն հետ: Վեհափառը բարձր գնահատեց կազմակերպութիւններուն աշխատանքները եւ միաւորներուն միջեւ գործակցութիւնը: Ան մասնաւորաբար գնահատեց հայ դպրոցին հայակերտումի դերը եւ շեշտեց, որ հայ աշակերտը պէտք չէ նիւթական պատճառներով զրկուի հայկական ուսումնարանի բարիքներէն, եւ նշեց, որ հայկական եկեղեցիները ամէնուրեք աջակից են եւ պէտք է ըլլան հայ դպրոցին:
Վեհափառին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին տուած այցելութիւնը պաշտօնապէս փակուեցաւ կիրակի գիշեր, երբ տեղի ունեցաւ յիշատակելի հանդիսութիւն մը: Վեհափառը հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր տաճարի 30-րդ տարեդարձին տօնակատարութեան, նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակն էր: Այս առիթով, վեհափառը հանդիպեցաւ Մոնթեպելլոյի ծխական համայնքին հետ, աղօթք մատուցեց տաճարին մէջ, որմէ ետք ծխական համայնքը ի պատիւ կաթողիկոսին կազմակերպած էր ճաշկերոյթի հանդիսութիւն մը` նշելու համար զոյգ յոբելեանները: Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Վեհափառը օրհնութեամբ եւ գնահատանքով ողջունեց ներկաները եւ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը: Ան ընդգծեց հայութեան կեանքին մէջ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի կարեւորութիւնն ու կենսական արժէքը: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ այս քաղաքը իր հողին վրայ բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, որ մնայուն պատգամ մըն է բոլորին համար:
Երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Դպրեվանքի սանուց միութեան վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, հանդիպում մը ունեցաւ կաթողիկոսին հետ:
Վեհափառը գնահատեց առաջնորդ սրբազանին նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած Դպրեվանքի սանուց միութեան եւ անդամներուն տարած աշխատանքը Արեւմտեան թեմին մէջ: Ան նշեց, որ միութեան գործունէութիւնը պէտք է արտացոլումը ըլլայ դպրեվանքի մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան եւ դպրեվանքը պէտք է ծանօթացուի հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցան միտքերու փոխանակում, ինչպէս նաեւ` դպրեվանքի մասին տեղեկութիւններու փոխանցում: Առաջարկուեցաւ դպրեվանքի ուսումնական ծրագիրին, ինչպէս նաեւ առաքելութեան եւ ներքին աշխատանքներուն շուրջ գործնական միջոցներ որդեգրել, որպէսզի հայ ժողովուրդի զաւակները տեղեկանան եւ ծանօթանան դպրեվանքի մարդակերտումի եզակի առաքելութեան եւ ժողովրդային շինիչ ծառայութեան:
Շուրջ երեք շաբաթ տեւած հովուապետական այցելութեան ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոսը յատուկ ձեւով անդրադարձաւ հայ մանուկի կարեւորութեան: Արդարեւ, Լոս Անճելըսի, Փասատենայի, Վալիի, Մոնթեպելլոյի, Հոլիվուտի, Լաս Վեկասի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆրեզնոյի եւ Քալիֆորնիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ վեհափառը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ մանուկի դաստիարակութեան հրամայական անհրաժեշտութեան: Իր այցելութեան առանցքը հանդիսացան հայ մանուկը եւ հայ դպրոցը:
(Շար. 2 եւ վերջ)

