ՊԻՊԼՈՍ ՔԱՂԱՔԻ ՀՆԱԽՈՒԶԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ 2011-2012 տարեշրջանի մշակութային գործունէութեան առաջին դասախօսութիւն-զրոյցը` նիւթ ունենալով «Պիպլոս քաղաքի հնախուզական հարստութիւնը»:

Հակառակ նիւթին գիտական-մասնագիտական բնոյթին, դասախօսը` դոկտ. Կասիա Յարութիւնեան-Պաղտասարեան, շատ հաճելի, ինքնուրոյն ու դիւրամատչելի ոճով ներկայացուց իր երկարամեայ ուսումնասիրութիւններուն եզրակացութիւնները, որոնք մինչ օրս մնացած են անտիպ եւ միայն 2005 թուականէն ետք հրատարակուած ու մասնագէտներու եւ հետաքրքրուողներու սեփականութիւն դարձած:

Ներկաները նախ լսեցին պատմականը Լիբանանի տարածքին հնագէտներուն կատարած հետախուզական աշխատանքներուն, ապա դասախօսութեան ընդմէջէն ծանօթացան նախքան փիւնիկեցիներուն գոյութիւնը 4-րդ հազարամեակի Պիպլոսի ճարտարագիտութեան, արուեստին ու բարքերուն, ինչպէս նաեւ այն նիւթերուն, զորս գործածած են իրենց անհրաժեշտ առարկաները շինելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES