ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՀՈՐՄՈՆԱՅԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» ՆԻՒԹՈՎ

Տոքթ. Սերժ Տուլեան կը ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 9 նոյեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հորմոնային խանգարումներու ազդեցութիւնը սեռային առողջապահութեան վրայ» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Սերժ Տուլեան:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ ներկայացուց Յասմիկ Մկրեան. ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը` Մկրեան բացատրեց, թէ իգական եւ արական սեռերը ունին զիրենք բնորոշող հորմոններ, եւ  երբ տարբեր  հորմոնային խանգարումներ  կ՛առնչուին մարդկային սեռին հետ, տարիքի յառաջացումով հորմոնային խախտումները անպայմանօրէն իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան այր ու կնոջ սեռային առողջապահութեան վրայ: Այդ պարագային անյապաղ պէտք է դիմել մասնագէտ բժիշկի` ճիշդ ախտաճանաչումի եւ դարմանումի համար:

Դասախօսութեան սկզբնաւորութեան, տոքթ. Տուլեան ցոյց տուաւ տարբեր համեմատութիւնները սեռային խանգարումներու` ըստ սեռի եւ տարիքի: Ան պարզեց սեռային խանգարումներու տարբեր դրսեւորումները, որոնք կը պատահին կիներու եւ տղամարդոց քով: Ապա բժիշկը ընդգծեց առողջ ջղային համակարգի, ներծոր գեղձերու, սրտանօթային համակարգի եւ տրամադրութեան կարեւորութիւնը` առողջ սեռային յարաբերութեան մը համար:

Խօսելով սեռային խանգարումներու հիմնական պատճառներուն մասին` տոքթ. Տուլեան ամփոփ կերպով ներկայացուց ջղային համակարգի տարբեր խանգարումները, քրոնիկ հիւանդութիւնները, որոնք կը պատճառեն սեռային խանգարումներ, հոգեբանական կամ զգացական հարցեր, դեղօրայքի ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչներու եւ արգիլեալ դեղերու վատ ազդեցութիւնը սեռային առողջապահութեան վրայ:

Անցնելով սեռային խանգարումներու հորմոնային պատճառներուն` տոքթ. Տուլեան նախ բացատրեց մարդկային մարմնի սեռային համակարգի աշխատելակերպը, ապա ծանօթացուց սեռայնօրէն գրգռիչ (ինչպէս` թեսթոսթերոն եւ  էսթրոժեն հորմոնները) եւ սեռայնօրէն զսպիչ հորմոնները ( ինչպէս` փրոլաքթին հորմոնը) :

Դասախօսութեան յաջորդ մասով տոքթ. Տուլեան ներկայացուց թեսթոսթերոն հորմոնին դերակատարութիւնը սեռային կեանքին մէջ` թուելով տարբեր պատճառները , որոնք ցած թեսթոսթերոնի արտադրութեան կ՛առաջնորդեն, ըլլան անոնք ամորձիքային կամ մակուղեղային գեղձերու հիւանդութիւններ: Ապա ան մանրամասնօրէն բացատրեց ցած թեսթոսթերոնի արտադրութեան ախտանշանները, տղամարդոց մօտ: Նոյն ձեւով, բժիշկը ներկայացուց էսթրոժեն եւ փրոլաքթին հորմոններու գործունէութիւնը սեռային առումով, դարձեալ տալով անոնց խանգարումներուն տարբեր պատճառները (ձուարանային եւ մակուղեղային գեղձի հիւանդութիւնները), ինչպէս նաեւ նշելով բոլոր ախտանշանները, որոնք կը պատահին այս հորմոններու խանգարումներու պարագային: Բժիշկը նաեւ յիշեց վահանագեղձի խանգարումներուն կարեւոր ազդեցութիւնը սեռային խանգարումներու վրայ:

Ախտաճանաչման տարբեր քննութիւնները թուելով` տոքթ. Տուլեան առաջնահերթ նկատեց ախտանշաններու գոյութիւնը եւ այս քննութիւններուն կարեւորութիւնը` զատորոշելու մակուղեղային գեղձի, ամորձիքային, ձուարանային կամ վահանագեղձի զանազան հիւանդութիւնները:

Դասախօսութեան վերջին բաժինով, տոքթ. Տուլեան ըսաւ, թէ հորմոնային խանգարումներու բուժումը բարդ է եւ ճիւղաւորուած, իւրաքանչիւր պարագայ ունենալով իր յատուկ բուժումը: Ապա ան թուեց կարգ մը ընդհանուր նախազգուշական միջոցներ` սեռային խանգարումները կանխարգիլելու:

Աւարտին տոքթ. Սերժ Տուլեան պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն` տուաւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ բացատրութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES