ԼԻՒՏՄԻԼԱ ԱԼԻՔԵԱՆԻ «ԻՄ ԼԻԲԱՆԱՆՍ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Լիբանանի բնութեան տարբեր եղանակները, ձեւերը, գոյները, երեւոյթները երէկ համախմբուած էին Լիւտմիլա Ալիքեանի «Իմ Լիբանանս» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին` «Սիւրֆաս Լիպր» ցուցասրահին մէջ:
Ներկայացուած պաստառներուն ընդմէջէն կ՛երեւէին Լիբանանի բնութեան գեղեցկութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը, որոնք կեանք առած են արուեստագէտին վրձինի հարուածներուն տակ:
Իր իւրայատուկ անկիւնը կը գրաւէր Ժեհիթայի նուիրուած գեղեցիկ եւ համապարփակ, գոյներու ու պատկերներու համախմբումով ցայտուն գեղեցկութիւն արտացոլող պաստառը:
«Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լիւտմիլա Ալիքեան յայտնեց, որ զինք ներշնչողը միշտ եղած է գեղեցկութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով` աւելցնելով, որ բնութեան չորս եղանակներն ալ իրեն համար յատկանշական են եւ տարբեր գեղեցկութիւն ունին: Արուեստագէտը յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ գոյութիւն ունենալու կարեւորութեան եւ խորհրդաւորութեան: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի գեղեցկութիւնը իրեն համար անմահ է: Խօսելով Ժեհիթայի մասին` ան դիտել տուաւ, որ անիկա անմոռանալի տեղ մըն է, Լիբանանի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկն է: Լ. Ալիքեան նշեց, որ վերջին անգամ Ժեհիթա տուած իր այցելութեան ընթացքին ինքզինք տեսաւ իբրեւ շուք ու հոն գտաւ իր էութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք մարդկային դէմքեր ալ կը գծէ՞, Լ. Ալիքեան ըսաւ, թէ սկզբունքով մենք պէտք չէ այսքան խառնուէինք բնութեան հետ, այսքան զօրութիւն պէտք չէ գոյութիւն ունենար բնութեան մէջ, բայց այնքան ատեն որ հոս հասած ենք, դիմանկարներ գծած է` այս ուժը արտացոլացնող:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 23 նոյեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:


