ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ

Սերոբ Օհանեան, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ վեր. Սարգիսեան

Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ ընդունեց այցելութիւնը «Գարակէօզեան» հաստատութեան հին եւ նոր տնօրէններուն` վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի եւ Սերոբ Օհանեանի: Վեր. Սարգիսեան պաշտօնապէս վեհափառին ներկայացուց «Գարակէօզեան»ի նոր նշանակեալ տնօրէնը, որ արդէն իսկ սկսած է իր աշխատանքին: Օհանեան վեհափառին լայն կերպով բացատրեց «Գարակէօզեան»ի գործունէութիւնը` ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ: Վեհափառը գոհունակութեամբ իմացաւ, որ շուրջ վաթսուն պաշտօնեաներ հաշուող «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը նուիրումով լծուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան: Վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց, որ հակառակ տնտեսական միջազգային տագնապին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տարեկան պիւտճէն կը մնայ նոյնը: Գնահատելով «Գարակէօզեան»ի կողմէ կատարուած աշխատանքները` վեհափառը անգամ մը եւս գնահատեց վեր. Սարգիսեանը «Գարակէօզեան» հաստատութեան ճամբով աւելի քան քառասուն տարիներու իր ծառայութեան համար: Միաժամանակ թելադրեց նոր տնօրէնին, որ իր առաւելագոյնը կատարէ օգտակար հանդիսանալու հայկական դպրոցներու աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES