ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՆԱԽԱՁԵՌՆԷ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԻՆ

Երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով ու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդի կազմութեան հոլովոյթը ճշդող խորհրդակցութիւն մը: Յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ երեք յարանուանութեանց, ինչպէս նաեւ Համազգայինի, «Թէքէեան» մշակութային միութեան եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ներկայացուցիչները:

Վեհափառը յետադարձ ակնարկով պարզեց օգոստոսին Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած արեւմտահայերէնին նուիրուած համագումարին ընդհանուր արդիւնքները, յատկապէս շեշտելով արեւմտահայերէնին դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, որ փաստօրէն արեւմտահայերէնը լուրջ տագնապ կը դիմագրաւէ, որուն դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ: Սակայն չի բաւեր, ըսաւ ան, տագնապը նկարագրել. անհրաժեշտ է գործնական քայլերու դիմել եւ ճիշդ այս պատասխանատուութենէն մեկնելով, անհրաժեշտ է, ինչպէս համագումարը շեշտեց, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ազդու միջոցներու մասին մտածել` յատուկ հոլովոյթներու ճամբով: Ան նաեւ շեշտեց, որ նման աշխատանք մը պէտք է համահայկական ու համասփիւռքեան տարողութեամբ կատարուի եւ ճիշդ ատոր համար, ըսաւ ան,  համագումարէն ետք մենք յատուկ հրաւէրներ ուղղեցինք մեր յարանուանութիւններու պետերուն, ինչպէս նաեւ կրթական ու մշակութային առաքելութեան լծուած մեր կառոյցներուն, որպէսզի կարենանք մեր ճիգերը համախմբելով մեր ոսկեղնիկ լեզուն պաշտպանել աղաւաղումէ ու նահանջէ:

Վեհափառին խօսքէն ետք, բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ լայն խորհրդակցութիւն մը` յատկապէս կազմուելիք մարմնին կատարելիք աշխատանքներուն շուրջ:

Յայտնենք, որ խորհրդակցական այս հանդիպումին պիտի յաջորդէ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդի կորիզի կազմութիւնը, որուն առաջնահերթ նպատակը պիտի ըլլայ յիշեալ խորհուրդի աշխատանքի ուղեցոյցի պատրաստութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES