ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները իրենց Ա. լիագումարին աւարտին այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ տեսակցեցան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ու հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, որ նկատի ունենալով, որ Ա. լիագումարը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ, Կեդրոնական վարչութիւնը փափաքած է անպայման այցելել Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն` ծանօթացման հանդիպումի մը համար: Ապա, ան ծանօթացուց Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ շեշտեց դեսպանատուն-Կեդրոնական վարչութիւն գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Դեսպան Աշոտ Քոչարեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` Հայաստանի դեսպանատան մէջ: Ան ներկայացուց դեսպանատան աշխատանքները, ի մասնաւորի Հայաստանի քաղաքացիութեան դիմումներու ծիրին մէջ:
Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան հակիրճ ծանօթութիւն մը տուաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական գործունէութեան մասին` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ համաշխարհային սկաուտական ծիրին մէջ:
Փոխադարձ գործակցութեան խոստումներով` Կեդրոնական վարչութեան անդամները հրաժեշտ տուին դեսպան Քոչարեանին:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆՃԱՐ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը անհրաժեշտ նկատեց այցելել հայկական Այնճար գիւղաւանը, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:
Ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուեցաւ Այնճարի պատմականը, գիւղին քաղաքապետութեան աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները եւ ապագայի ծրագիրները:
Կեդրոնական վարչութեան անդամները այցելեցին ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տուն, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի ակումբ, Ս. Պօղոս եկեղեցի եւ Մուսա լերան նահատակներու յուշահամալիր:
Գիւղին կառուցուածքը եւ ամբողջութեամբ հայկական պատկանելիութիւնը խորապէս տպաւորեցին Կեդրոնական վարչութեան տարբեր երկիրներէ ժամանած անդամները: