«Ազդակ»ի «Փիւնիկ» Սրահին Մէջ Վահան Զանոյեանի «Եզրէն Դուրս» Բանաստեղծական Գիրքի Շնորհահանդէս
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ» օրաթերթին, երէկ` չորեքշաբթի, 9 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 61-րդ լսարանը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Վահան Զանոյեանի «Եզրէն դուրս» բանաստեղծական գիրքին շնորհահանդէսը:
Լսարանին բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ Զանոյեան 1970-ական թուականներուն «Ազդակ»ի հաւաքածոներուն մէջ հրատարակած է յօդուածներ, ինչպէս նաեւ «Բագին»ի էջերուն մէջ երեւցած է իբրեւ երիտասարդ գրող:
Ան աւելցուց, որ տասնեակ տարիներ ետք, Զանոյեանի մօտ Միացեալ Նահանգներու մէջ բանաստեղծութեամբ ապրելու հրամայականը կուտակուելով անցեալ տարի հրաբուխի մը պէս պայթեցաւ, երբ հրատարակեց «Վերադարձ» հատորը, իսկ այս տարի` «Եզրէն դուրս»ը:
Կիրակոսեան ըսաւ, որ բանաստեղծը դասականութեան եւ արդիականութեան ոսկի միջինը գտած է, եւ հեղինակին բանաստեղծութիւնները պայծառ են, կշռութաւոր լեզուով, հեզասահ, պարզ ոճով եւ կենդանի ու գրական լեզուն սերտօրէն կապելով:
Ապա խօսք առաւ Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան, որ նշեց, թէ գրողի մը գործը դատելու համար պայման չէ ծանօթ ըլլալ ենթակայի կեանքին ծալքերուն, այլ` բաւական է կարդալ եւ հաղորդուիլ իր մտածումներուն հետ:
Սարաճեան-Հերկելեան յայտնեց, որ Զանոյեան չորս տասնամեակ առաջ սկսած է գրական փորձերու, եւ անոր գրութիւններուն մէջ առկայ են հասունութիւն, կեցուածք, յանդգնութիւն եւ համամարդկային մօտեցումներ:
Ան ըսաւ, որ Վահան Զանոյեան գրած է ազգային, խոհափիլիսոփայական, կարօտի, ծնողական եւ մանկական նիւթերու շուրջ: Սարաճեան-Հերկելեան հաստատեց, որ Զանոյեանի զոյգ հրատարակութիւնները հանդիսացած են դէպի գրականութիւն վերադարձի կամուրջը:
Զոյգ խօսքերէն ետք, Սիլվա Քիւրքճեան եւ Աքասիա Փոլատեան ընթերցեցին «Եզրէն դուրս» բանաստեղծական գիրքէն հատուածներ:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Վահան Զանոյեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, «Ազդակ»ին եւ հանդիսութեան բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ իր ուսուցիչներուն: