ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

– ՍՊԻՏԱԿ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի վարչապետ Պարհամ Սալեհի հետ եւ անոր հետ քննարկած շրջանային, քաղաքական եւ ապահովական հարցեր, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի միջեւ ընթացիկ ռազմավարական յարաբերութիւնը: Սպիտակ տունը կը յայտնէ, որ Պայտըն գովաբանած է Իրաքի քրտական շրջանի աշխուժութիւնը եւ քիւրտ-ամերիկեան պատմական բարեկամութիւնն ու գործընկերութիւնը:

– ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք «Իսրայէլեան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «այն խօսքերը, թէ Իսրայէլ Իրանի հիւլէական կեդրոններուն դէմ զինուորական հարուած մը հասցնելու շեմին կը գտնուի, սխալ է»` նշելով, որ «զինուորական որեւէ գործողութիւն կատարելու որոշում չէ տրուած»: Ան ըսաւ, որ «պատերազմը պտոյտ մը չէ, եւ մենք պտոյտ մը կ՛ուզենք եւ ոչ թէ պատերազմ մը»:

– ԹՐՔԱԿԱՆ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ «անհրաժեշտ է Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն քրտամէտ կուսակցութեան շարքերէն ձերբակալութիւնները չդադրեցնել»` շեշտելով, որ «Թուրքիոյ մէջ միայն մէկ պետութիւն գոյութիւն ունի, այդ ալ թրքական պետութիւնն է»: Էրտողան սպառնացած է «քրտամէտ շրջանակներու դէմ ձերբակալութեանց իրերայաջորդ արշաւները դատապարտող լրագրողներու եւ ժողովրդավարական շրջանակներու դէմ դատական հայցերու ձեռնարկել»:  Ան աւելցուցած է, որ «պէտք է զգուշ ըլլալ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան մասին մամուլին կամ որեւէ այլ տեղ ըսուածներէն, որովհետեւ անոնք ահաբեկչութեան զօրակցութիւն կը նշանակեն»:

Share this Article
CATEGORIES