ԻՐԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՅՍՈՎ Է, ՈՐ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ԳԱՀԸՆԿԷՑ ԸՆԵՆ ԱԼԻԵՒԸ
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Անսար-Թապրիզ» կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Թաւրիզի համալսարանի դասախօսներն ու ուսանողները որդեգրած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած յայտարարութիւն մը, որուն մէջ քննադատած են Պաքուի հակաիսլամական գործողութիւնները:
«Մենք կը ցաւինք, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակաիսլամական յանցաւոր գործունէութիւնը ներառուած է Պաքուի աշխատանքային օրակարգին վրայ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Բացի ատկէ, Իրանի հոգեւոր ղեկավարներէն այաթոլլա Մաքարեմ Շիրազի դիմած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` անոնց կոչ ուղղելով դասեր քաղելու շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն:
«Մենք վստահ ենք, որ Ազրպէյճանի ժողովուրդը պիտի չհանդուրժէ այսպիսի իրավիճակ, եւ պիտի գայ օրը, երբ ժողովուրդը պիտի բռնէ ձեր օձիքէն եւ ձեզ վար գլորէ ձեր նստած աթոռներէն: Դասեր քաղեցէ՛ք շրջանի վերջին իրադարձութիւններէն», ըսած է այաթոլլա Մաքարեմ Շիրազի:


