ԹԻՖԼԻՍ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՌՈՒՍԻՈՅ` ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

Ռուսական «ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոսկուա եւ Թիֆլիս երէկ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ ստորագրած են Ռուսիոյ` Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը:

Կը հաղորդուի, որ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր խորհուրդը 15-17 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք նիստի ընթացքին կրնայ վաւերացնել Ռուսիոյ անդամակցութիւնը:

Անցեալ շաբաթ հաղորդուած էր, որ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամակցութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին զուիցերիացի միջնորդները պատրաստած են համաձայնագիրի վերջնական նախագիծ մը, որուն համաձայն գտնուած է նաեւ վրացական կողմը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES