ԻՐԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ՔԱՆԴԵԼ. «ԻՐԱՆ ԻՐ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԷՆ ՉՆՉԻՆ ԶԻՋՈՒՄ ԻՍԿ ՊԻՏԻ ՉԿԱՏԱՐԷ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ

Մահմուտ Ահմատինեժատ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ «եթէ Իրան մերժէ (հիւլէական իր ծրագիրին հարցով) միջազգային ընտանիքի պահանջներուն յանձնառու դառնալ եւ մերժէ որեւէ լուրջ գործակցութիւն, մենք մեր օրինակին հետեւող բոլոր պետութիւններուն հետ պատրաստ ենք աննախադէպ տարողութեամբ պատժամիջոցներ որդեգրելու»: Նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցելը անհրաժեշտ դարձած է:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան` Իրանը հիւլէական զէնք արտադրելու աշխատանքներ տանելու յանցանքով ամբաստանող զեկուցումին հրապարակման նախօրեակին, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտարարեց, որ Իրան իր հիւլէական ծրագիրէն չնչին զիջում մը իսկ պիտի չկատարէ` վստահեցնելով, որ Իրան «հիւլէական ռումբին կարիքը չունի»:

Ան ըսաւ, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան պաշտօնատարները «գործակալութեան վարկը զոհեցին` որդեգրելով Միացեալ Նահանգներու անճիշդ պնդումները»: Ան իր խօսքը Արեւմուտքին ուղղելով յայտնեց. «Հիւլէական ռումբին կարիք չունինք: Իրանցի ժողովուրդը խելացի է եւ ձեր ունեցած հազարաւոր ռումբերուն դէմ դնելու համար երկու ռումբ պիտի չարտադրէ»:

Մինչ այդ, իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մասուտ Ժազայիրի զգուշացուց, որ «եթէ Իսրայէլ (Իրանի դէմ) նուազագոյն շարժումը կատարէ, անիկա ականատես պիտի դառնայ Տեմոնայի (իսրայէլեան հիւլէական կայանի) քանդումին»` աւելցնելով, որ ատկէ «աւելի մեծ կարողութիւններ ունինք»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Իրանի հիւլէական թղթածրարը խաղաղ կերպով լուծելու:

Share this Article
CATEGORIES