ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ԱՐԱՊԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԵՇՏԵՆ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին վերահաստատեց «սուրիական տագնապի լուծման համար լիկայի նախաձեռնութեան նկատմամբ Ռուսիոյ հաստատ զօրակցութիւնը»:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «Լաւրով Արապիի հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի շրջանի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի կացութիւնը` կեդրոնանալով Սուրիոյ ներքին տագնապը շրջանցելու միտող Արաբական լիկայի նախաձեռնութեան վրայ»: Լաւրով յայտնեց, որ «արաբական նախաձեռնութիւնը սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կատարելու իրապաշտ մեքանիզմ կը նկատուի եւ քաղաքական խաղաղ միջոցներով տագնապը լուծելու ճամբան կը հարթէ»` աւելցնելով, որ «անհրաժեշտ է այս առիթը չփախցնել»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի իր կարգին յայտնեց, որ Արաբական լիկան պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ ներքին երկխօսութիւն կայացնելու եւ տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու իր ջանքերը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ երկու ղեկավարները հասարակաց այն կարծիքը յայտնեցին, որ պէտք է առանց բացառութեան բոլորին կողմէ բռնարարքներն ու գրգռութիւնները դադրեցնել եւ բանակցութեանց սեղանին վրայ նստիլ, ինչպէս նաեւ անոնք անհրաժեշտ նկատեցին, որ միջազգային բոլոր դերակատարները սուրիական իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը քաջալերեն երկխօսութիւնը մերժելու փոխարէն շինիչ քայլերու ձեռնարկելու:


