ՓԱՓԱՆՏՐԷՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ
Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Ան աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի նախագահ Քարլոս Փափուլիասի հետ եւ անոր պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը:
Փափանտրէու իր ուղերձին մէջ յաջողութիւն մաղթեց նոր վարչապետին, սակայն առանց նշելու անոր անունը` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը կարենայ «քաղաքական համաձայնութիւն» գոյացնելով «մեր գործընկերներուն ուժեղ պատգամ մը յղել, թէ մենք` յոյներս, գիտենք ինչպէ՛ս մեր պարտաւորութիւնները յարգել եւ ինչպէ՛ս գործակցիլ»:
CATEGORIES Միջազգային


