ՄԱՆՍՈՒՐ ԶԱՍՊԻՔԻՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ նախարար Մանսուրի հետ քննարկած է Սուրիոյ իրադարձութիւնները` արաբական նախաձեռնութեան լոյսին տակ:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ որոշ բարեկարգումներու գործադրութեան առընթեր, զիրենք կը մտահոգէ որոշ բռնարարքներու շարունակութիւնը: «Նման պարագաներու, իշխանութիւնները պէտք է որդեգրեն ապահովական միջոցառումներ` պահպանելու համար քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը», ըսաւ Զասպիքին` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը իր կարգին պէտք է հեռու մնայ ծայրայեղ զինեալներէն:
Զասպիքին նշեց, որ դէպի Սուրիա զէնքի ու զինամթերքի մաքսանենգումը` անոնք ծայրայեղականներու կողմէ անոնց օգտագործման համար, շատ վտանգաւոր է: Ան կոչ ուղղեց բոլորին ամէն ջանք ի գործ դնելու` կասեցնելու համար դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը:
Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կը մաղթէ, որ Սուրիոյ մէջ բախումները վերջ գտնեն եւ կարելի ըլլայ երկխօսութեան ճամբով լուծել այդ տագնապը:
Մանսուր ընդունեց նաեւ Լիբանան ժամանած Արժանթինի ծերակոյտը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն նպատակն է քննարկել շրջանային քաղաքական իրադարձութիւններն ու տնտեսական, առեւտուրի եւ ներդրումի ծիրին մէջ Լիբանան-Արժանթին գործակցութեան հեռանկարները:
Արժանթինեան պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ շրջանին ապակայունութիւնը զիրենք կը մտահոգէ:

