ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ

Լիբանանեան-արժանթինեան միացեալ հանդիպումէն պահ մը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտէլ Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու  երեսփոխաններ Ալի Պեզզիի, Խալետ Զահրամանի, Էլի Մարունիի, Սելիմ Սալհապի, Ժոզեֆ Մաալուֆի, Խտըր Հապիպի եւ Թամմամ Սալամի, ընդունեց Արժանթինի ծերակոյտի մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Զէյն յայտնեց, որ արժանթինեան ծերակուտական պատուիրակութեան հետ իրենց հանդիպումին ընթացքին անկեղծ եւ յստակ քննարկումներ կատարած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, յատկապէս այն առումով, որ Արժանթինն ու Լատին Ամերիկայի կարգ մը երկիրներ անցեալ տարուան ընթացքին ճանչցած են պաղեստինեան պետութիւնը 1967-ի  սահմաններով:

Զէյն նշեց, որ Արժանթինի ծերակոյտը ներկայացնող պատուիրակութիւնը հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ շրջանին մէջ իսրայէլեան պետութեան հիմնումը մեծ սխալ մըն էր, որովհետեւ Իսրայէլ մնայուն կերպով եղած է նախայարձակ պետութիւն մը, որ տակաւին իր սահմանները դէպի Լիբանան ընդարձակելու ախորժակներ ունի:

Զէյն շեշտեց, որ իրենք գոհունակ եւ ուրախ զգացած են, երբ իմացած են, թէ պատուիրակութեան մաս կազմող անձնաւորութիւններուն մէջ ոմանք լիբանանեան ծագում ունին:

Խորհրդարանի երիցագոյն երեսփոխանը` Զէյն, շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Արժանթինի լիբանանեան գաղութին վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES