ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ – ԷՇԹԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Էշթըն եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Լոնտոնի իր կեցութեան վայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միքաթի եւ Էշթըն շեշտեցին Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութեան անհրաժեշտութիւնը` զայն բաղդատելով շրջանին մէջ տիրող լարուած իրավիճակին հետ:

Անոնք նկատել տուին, որ Լիբանան կը շարունակէ յարգել միջազգային բանաձեւերը եւ յանձնառու կը մնայ անոնց գործադրութեան, ինչ որ կը նպաստէ անոր ազգային շահերուն իրականացման:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ շրջանին մէջ կայունութեան բանալին կը կայանայ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան հաստատման մէջ: Ան աւելցուց, որ այդ խաղաղութիւնը կարելի կ՛ըլլայ հաստատել լուծելով պաղեստինեան հարցը, ինչպէս նաեւ արաբներուն վերադարձնելով իրենց իրաւունքները` հեռու մնալով խտրականութենէ:

Միքաթի Եւրոպայէն խնդրեց օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ վերջնականապէս յստակացնել իր ծովային սահմանները եւ ճշդել իր ջուրերուն մէջ գտնուող տնտեսական շրջանը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Լիբանանի տնտեսական շահերը:

Իր կարգին, Էշթըն յայտնեց, որ իրեն համար հասկնալի է Լիբանանի կեցուածքը, յատկապէս Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու առումով: Ան միաժամանակ հաստատեց միջազգային բանաձեւերը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ Արաբական լիկան ներկայիս աւելի մեծ առիթ մը ունի` լուծելու Միջին Արեւելքի հարցերը եւ արաբական աշխարհը փոխադրելու դէպի նոր հանգրուան մը:

Հանդիպումին աւարտին վարչապետ Միքաթի Էշթընը հրաւիրեց այցելելու Լիբանան:

Հանդիպումէն ետք Էշթըն նշեց, որ Միքաթիի հետ իր ունեցած հանդիպումը շատ լաւ ընթացած է` աւելցնելով, որ քննարկուած են Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES