ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՊԸՐՐԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ օրինական շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` ընտրական օրէնքը, նախարարի եւ երեսփոխանի պաշտօնները իրարմէ անջատելու օրինագիծը, Սահմանադրական խորհուրդին իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերսկսելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման եւ Պըրրի շեշտեցին լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերսկսելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ ինք դէմ չէ, որ նախկին ազգային երկխօսութիւնը շարունակուի նոյն օրակարգով: Այս ծիրին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ ինք կ՛ուզէ յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք մոռցած են այն իրողութիւնը, թէ ազգային երկխօսութեան ինք սկսած է եւ անշուշտ անոր տուած որոշումներուն գործադրութեան դէմ չէ:
«Սակայն կը փափաքիմ նշել, որ նախագահ Սլէյմանի գլխաւորութեամբ գումարուող Ազգային երկխօսութեան նիստերուն նպատակն էր անցնող հանգրուանին քննարկումը, մինչդեռ մենք ներկայիս պէտք է ապագան քննարկենք, որովհետեւ Լիբանան կը գտնուի փոթորիկին դիմաց եւ անհրաժեշտ է, որ մենք երկխօսութեամբ ապագան ճշդենք, որպէսզի այդ ապագան չպարտադրուի մեզի», ըսաւ Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ իրենք քննարկած են նաեւ երկրին ելեւմտական կացութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը այդ իմաստով պատրաստ է օժանդակելու կառավարութեան:
«Մեր քննարկած վերջին թղթածրարն էր ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցը: Հոս պէտք է նշել, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը լաւ եւ հսկայ աշխատանք տարած է ընտրական օրէնքը մշակելու առումով, սակայն ան զանց առած է գաղտնագիր կրող ընտրաքարտի դրութիւնը», շեշտեց Պըրրի:
Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց կառավարութեան հարցապնդումի յատուկ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնին, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրինագիծն ու համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքին ու ըստ անոր բաժնուելիք ընտրաշրջաններուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ, որ նախագահին հետ քննարկեց բանտարկութեան տարուան տեւողութիւնը ճշդելու վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխաններ Միխայէլ Տահեր եւ Նաժի Պուսթանի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
«ԼԻՈՒԱ» ՕՐԱԹԵՐԹ
Նշենք, որ «Լիուա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը մտահոգիչ է` նկատի ունենալով շրջակայ երկիրներուն մէջ տիրող պայմանները: Ան աւելցուց սակայն, որ ինք ներքին լիբանանեան առումով մտավախութիւններ չունի, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ ուժի շահերուն կը ծառայէ ներքին ապակայունութիւն պատճառելը:
Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցին` նախագահ Սլէյման վերահաստատեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքը, որուն մէջ ան հաստատած էր, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ կատարելու միջազգային իր պարտաւորութիւնները:
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման նշեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան զինուորականներու միջեւ կատարուած են հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին սուրիական կողմը ներում հայցած է լիբանանեան սահմաններուն դէմ իր գործած ոտնձգութիւններուն համար` նշելով, որ անոնք ակամայ կատարուած էին եւ խոստանալով, որ անոնք չեն կրկնուիր, որովհետեւ Դամասկոս կը յարգէ Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:


